image

Ռուսաստանը կոչ կ'ընէ հետեւելու իր օրինակին` ճանչնալու Տոնպասի ինքնահռչակ հանրապետութիւնները

Ռուսաստանը կոչ կ'ընէ հետեւելու իր օրինակին` ճանչնալու Տոնպասի ինքնահռչակ հանրապետութիւնները

Մոսկուան կոչ կ'ընէ աշխարհի երկիրներուն՝ հետեւելու Ռուսաստանի օրինակին եւ ճանչնալու Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւնները:

«Ռուսաստանը կոչ կ'ընէ միւս պետութիւններուն՝ հետեւելու իր օրինակին», յայտարարած է երկրին Արտաքին գործոց նախարարութիւնը` շեշտելով, որ Մոսկուան իր որոշումը ընդունած է «Տոնպասի բնակիչներուն ազատ կամարտայայտումը հաշուի առնելով»: Ռուսաստանեան դիւանագիտական գերատեսչութիւնը կը պնդէ, որ «հանրապետութիւններուն բնակչութիւնը բախած էր քիեւեան իշխանութիւններուն կողմէ ֆիզիքական ոչնչացման սպառնալիքի»:

«Միանգամայն ակնյայտ էր, որ Քիեւի համար Տոնպասը տարածք է, այլ ոչ թէ մարդիկ, որոնք այնտեղ կ'ապրին», կ'ըսուի ռուսաստանեան ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ: