image

ԱՄՆ չեղարկած է շուրջ 6000 վիզա

ԱՄՆ չեղարկած է շուրջ 6000 վիզա

Վերջին երեք ամսուան ընթացքին «ծննդաբերութեան նպատակով զբօսաշրջութեան» դէմ պայքարի արշաւի ծիրէն ներս ԱՄՆ-ի աւելի քան 6000 վիզա չեղարկուած է։ Այս մասին նշած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը X-ի գրառման մէջ։

«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը «ծննդաբերութեան նպատակով զբօսաշրջութեան» կանխարգելման աշխատանքային խումբը չեղեալ յայտարարած է օտարերկրեայ քաղաքացիներու աւելի քան 6000 վիզա, որոնք մասնակցած են կամ նպաստած ծննդաբերութեան նպատակով զբօսաշրջութեան»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ պիտի բացայայտեն եւ պատասխանատուութեան ենթարկեն բոլոր անոնց, որոնք ներգրաւուած են այս անօրինական գործելաոճին մէջ։

Գերատեսչութիւնն այս աշխատանքային խումբը ստեղծած է 2026-ի օգոստոսի սկիզբին։ Այն նպատակ ունի ամբողջութեամբ վերացնելու այս գործելակերպը։

Ըստ ԱՄՆ սահմանադրութեան 14-րդ ուղղման՝ ԱՄՆ տարածքը ծնած անձեր կը ճանչցուին երկրի քաղաքացիներ:

Ծննդեան իրաւունքով քաղաքացիութեան տրամադրման սահմանափակման մասին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրամանագիր ստորագրած էր իր երդմնակալութենէն յետոյ՝ 2025-ի 20 յունուարին: Այն պետական ​​գերատեսչութիւնները արգելած էր քաղաքացիութիւն տրամադրելէ այն ծնողներու երեխաներուն, որոնք երեխայի ծննդեան պահուն Միացեալ Նահանգներ գտնուած են անօրինական հիմունքներով:

Յաջորդ օր 22 նահանգներու իշխանութիւններ դիմած էին ամերիկեան դատարաններ՝ բողոքարկելու հրամանագիրը։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը 13 մարտին դիմած է Գերագոյն դատարան՝ խնդրելով չեղեալ համարել ստորին դատարաններու վճիռները, որոնք կ'արգելափակեն ծննդեան իրաւունքով քաղաքացիութեան տրամադրումը վերացնելուն ուղղուած հրամանագիրը:

Սան Ֆրանսիսքոյի վերաքննիչ դատարանը 2025-ի յուլիսին իրաւաբանօրէն անվաւեր եւ ոչ սահմանադրական ճանչցած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրամանագիրը ծննդեան իրաւունքով քաղաքացիութեան սահմանափակման մասին: