Ուայթընզվիլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերի երեկոյեան նշեց իր հիմնադրութեան 69-ամեակը եւ Գոհաբանութեան տօնը՝ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ կազմակերպուած ճաշկերոյթով։ Հանդիսութիւնը առիթ եղաւ արժեւորելու եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութիւնը, ծխական համայնքի միասնականութիւնը եւ անցնող տարուան ընթացքին արձանագրուած աշխատանքները։
Ստորեւ Թեմի պաշտօնական էջով տարածուած հաղորդագրութիւնը
Շաբաթ, 24 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 69-ամեակի ու Գոհաբանութեան տօնի ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Յակոբ Անդրանիկեան, միամեայ գործունէութեան ամփոփ պատկերը ներկայացնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծխականներուն իրենց զօրակցութեան համար։ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանը, գոհութիւն յայտնեց, թէ քրիստոնէական սիրոյ եւ համերաշխութեան ոգիով յառաջ կը տարուի գաղութի կեանքը։ Ձեռնարկը փակուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր խոսքով, որ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ իրեն յանձնուած հօտը, սերտ գործակցութեամբ հոգաբարձութեան հետ, եւ կ՚իրագործէ նորանոր ծրագիրներ։ Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ Պահպանիչով եւ «Կիլիկիա»-ով։