Հայրենի վերլուծաբան ՝ Ստեփան Դանիէլեան կը գրէ.-
«ԱՄՆ, Ռուսիա, Թուրքիա ու Իրան իրենց ազգային շահերով կը ղեկավարուին եւ այդ մէկը բնական է, անբնականն այն է, որ մենք չենք գիտեր, թէ մենք որու շահերով կը շարժինք։
- Ռուսիոյ պէտք է մնալ Կովկասի մէջ, այդ իսկ պատճառով իրեն պէտք է Արցախի հարցը սառած մնայ ու թոյլ չտայ, որ Արեւմուտքը Արցախի հարցով մուտք գործէ Կովկաս, այնտեղէն Միջին Ասիա ու Հիւսիսային Կովկաս, որու շուրջ ունի համաձայնութիւն Իրանի ու էրտողանական Թուրքիոյ հետ։
-Իրանին պէտք է, որ Արեւմուտքը ու Իսրայէլը իր հիւսիսը' Ատրպէյճան, մուտք չգործեն, որու շուրջ ունի համաձայնութիւն Ռուսիոյ հետ, նաեւ մասնակի համաձայնութիւն էրտողանական Թուրքիոյ հետ, միեւնոյն ժամանակ կ'ուզէ, որ չմեծնայ Ատրպէյճանի դերը, որ սպառնալիք է իր տարածքային ամբողջականութեան։
- Էրտողանական Թուրքիոյ նոյնպէս պէտք է զսպել Արեւմուտքի աշխոյժութիւնը Կովկասի մէջ, սակայն ատոր համար մեծ գին կը պահանջէ Ռուսիայէն ու Իրանէն, ու այդ մեր հաշուոյն կ'ըլլայ։ Թէ յետէրտողանական Թուրքիան ինչպիսին կ'ըլլայ, կ'իմանանք յաջորդ տարի, նաեւ՝ ինչ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ կը կատարուին մեր տարածաշրջանին մէջ։
- ԱՄՆ-ին ու Բրիտանիոյ պէտք է զօրաւոր Ատրպէյճան, որ ըլլայ պլատֆորմ (հարթակ) Միջին Ասիա մուտք գործելու, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ իսլամի ու թիւրքիզմի հողի վրայ ցնցումներ առաջացնելու համար, այդ իսկ պատճառով Արցախի հարցը պէտք է վերջնականապէս լուծուի յօգուտ Ատրպէյճանի, նաեւ լուծուի Սիւնիքի «հարցը», որպէսզի հետագային սկսի Ռուսիոյ ու Իրանի փլուզման գործընթացը։ Երբ «միջազգային հանրութիւն»ը կ'ըսէ, որ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ պէտք է հաստատուի վերջնական ու երկարատեւ խաղաղութիւն, հենց այդ նկատի ունին։
Մինսքի խումբը գործիք է, ուր այդ իրարամերժ շահերը մտած են հակասութեան մէջ։ Հիմա չկայ միջազգային իրաւունք, չկայ նաեւ միջազգային հանրութիւն ու միջազգային կարգ, հիմա ամէն ինչ հնարաւոր է, ինչպէս՝ առանց խաղի կանոններու մենամարտերուն։
Այս պայմաններուն մէջ որու...-ին պէտք է Մինսքի Խումբը, գոնէ ինծի համար անհասկնալի է, այն աւելի շատ սպառնալիք կը հանդիսանայ մեզի համար, քան ընդունելի ինչ-որ հարթակ»։