Ամերիկեան զօրքերը Ռուսաստանին պիտի ստիպեն պատերազմ վարել երկու ճակատով, եթէ ՌԴ-ն «յարձակի» Ուքրանիոյ վրայ, ըսած է ԱՄՆ Պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին սպայ, ռազմական փորձագէտ Քրիս Օսպորնը The National Interest-ին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ։
«ԱՄՆ ռազմածովային ուժերը, հաւանաբար, ծովային գերակայութիւն ունին ռուսական նաւատորմի նկատմամբ, եւ ծովային հետեւակներու տեղակայումը կրնայ երկու ճակատով հակամարտութեան յանգեցնել, որու հետ ռուսական ուժերը ստիպուած պիտի ըլլան կռուիլ», նշած է փորձագէտը։
Օսպորնի խօսքով՝ ամերիկացիները պիտի կարենան արագօրէն ուժերը տեղափոխել Սեւ ծով եւ աջակցիլ Ուքրանիոյ՝ սահմանները պաշտպանելու համար։ Նաեւ ԱՄՆ բանակը կրնայ գործողութիւններ եւ հրթիռային հարուածներ կազմակերպել Սեւ ծովի ափէն։ Յօդուածին հեղինակը ընդգծած է, որ Ռուսաստանի համար դժուար պիտի ըլլայ պահել այն տարածքները, որոնք կրնայ «գրաւել» «ներխուժումէն» ետք։