Ամերիկացի սենատորներ օրինագիծ ներկայացուցած են, որ կը պահանջէ Արտաքին գործոց նախարարութենէն ռուսական «Վակներ» մասնաւոր ռազմական ընկերութիւնը ճանաչնալ որպէս օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։
Սենատորներ Ռոճըր Ուիքըրը եւ Պեն Քարտին ներկայացուցած են «Ռուս վարձկաններու պատասխանատւութեան օրինագիծը», որ կը պահանջէ ընկերութիւնը ճանչնալ որպէս օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
Անոր խօսքով՝ նման նախաձեռնութիւն Ներկայացուցիչներու պալատ պիտի ներկայացնեն դեմոկրատներ Սթիւըն Քոհէնն ու Մարք Վէյսին եւ հանրապետականներ Ճօ Ուիլսընն ու Ռիչարտ Հատսոնը։
Bloomberg-ը, յղում ընելով իրազեկ աղբիւրներուն, գրած է, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կ'ուսումնասիրէ «Վակներ» մասնաւոր ռազմական ընկերութիւնը որպէս օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալու հնարաւորութիւնը՝ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յատուկ գործողութեան ընթացքին անոր գործողութիւններու պատճառով։ Նշուած է, որ «Վակներ»ը օտարերկրեայ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալը «ԱՄՆ-ին թոյլ կու տայ քրէական գործ յարուցել խմբաւորման եւ անոր անդամներու դէմ, ինչպէս նաեւ վերահսկել անոր դրամատնային հաշիւները ամբողջ աշխարհի մէջ»: