Ռուսիոյ Դաշնութեան ռազմավարական զսպման ուժերը վարժանքներ անցած են ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ղեկավարութեամբ։
Ինչպէս նշած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, Փութինը լսած է պաշտպանութեան նախարար Սերքէյ Շոյքուի եւ Գլխաւոր շտաբի պետ Վալերի Կերասիմովի զեկոյցները։
Ռուսիոյ ռազմավարական միջուկային ուժերը վարժանքներու ժամանակ իրականացուցած են զանգուածային միջուկային հարուած՝ ի պատասխան հակառակորդի միջուկային հարուածի: Այս մասին Շոյկուն զեկուցած է Փութինին:
Վարժանքներուն ներգրաւուած են «Եարս» շարժական կայանքը, միջուկային սուզանաւ եւ երկու ռազմավարական հրթիռակիր։
Նշուած է, որ Ռուսիոյ ռազմավարական զսպման ուժերը նպատակ ունին զսպել յարձակումը Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ անոր դաշնակիցներու դէմ, ինչպէս նաեւ ջախջախել յարձակողը, այդ շարքին՝ միջուկային զէնքի կիրառմամբ։
Վարժանքի ընթացքին տեղի ունեցած են պալիսթիք եւ թեւաւոր հրթիռներու գործնական արձակումներ:
«Եարս» միջմայրցամաքային պալիսթիք հրթիռն արձակուած է Քամչաթքայի «Փլեսեցքի» տիեզերակայանէն: «Սինեւա» պալիսթիք հրթիռն արձակուած է Պարենցի ծովէն՝ «Թուլա» ռազմավարական միջուկային հրթիռային սուզանաւէն։