image

Ռուսաց կողմը 300 հրթիռ արձակած է Զապորոժյէի ուղղութեամբ (Լուսանկարներ)

Ռուսաց կողմը 300  հրթիռ արձակած է  Զապորոժյէի ուղղութեամբ (Լուսանկարներ)

Ռուսական զօրքերը 12 С-300 հրթիռ արձակած են Զապորոժիէի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով զոհուած է մէկ մարդ։ Այս մասին 11 հոկտեմբերին յայտնած է շրջանային ռազմական վարչակազմի ղեկավար Ալեքսանտր Սթարուխը, գրած է  korrespondent.net-ը:

Հակառակորդի թիրախ դարձած են ենթակառուցուածքային կառոյցնեը:

«Երկու հրթիռ խոցած է ինքնաշարժի սրահը, որու հետեւանքով մէկ մարդ մահացած է, հրդեհ բռնկած է, Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակիցները յաջողած են յանգեցնել այն, մնացած հրթիռները խոցած են ուսումնական հաստատութիւնը, դպրոցը. բուժարանը վնասուած է»,- մանրամասնած է ան։

Ռուսիոյ Դաշնութեան զօրքերը ամբողջ գիշեր գնդակոծած են Տնեփրոփեթրովսքի մարզի երեք շրջաններ: Այս մասին 11 հոկտեմբերին յայտարարած է շրջանային ռազմական վարչակազմի ղեկավար Վալենթին Ռեզնիչենքոն։

«Հակառակորդը կիրառած է «Կրատ», «Ուրական», «Թորնատո-Ս» եւ ծանր հրետանի, զոհեր եւ վիրաւորներ չկան»,- մանրամասնած է ան։