Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահները կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Այս մասին ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցի ժամանակ, մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտութիւնը, յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Աւելի վաղ Փաշինեան կառավարութեան նիստի ժամանակ խօսելով Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակի մասին, յայտարարած էր, որ փաստացի եռակողմ փաստաթուղթին մէջ (միջանցքի նկատմամբ վերահսկողութեան մասով) ամրագրուած իր պարտաւորութիւնները չի կատարեր նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը։ Ի հարկէ, ըստ անոր, նման բան տեղի կ'ունենայ Ատրպէյճանի անօրինական գործողութիւններու հետեւանքով, սակայն իրավիճակը այդպիսով չի փոխուիր, քանի որ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան հիմնական իմաստը ապօրինի գործողութիւններ թոյլ չտալն է։
«Կրնամ ըսել հակառակը։ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներն իրենց առաքելութիւնը կը կատարեն... Քայլեր կը ձեռնարկուին, աշխատանք կը տարուի», –ըսած է Զախարովան։
Անոր խօսքով` նախապէս եւս եղած են սրացման դէպքեր, կողմերը իրար հասցէի մեղադրանքներ հնչեցուցած են, եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահներն են, որ ամէն բան ըրած են իրավիճակը կայունացնելու համար, եւ անոնք յաջողած են այդ գործին մէջ։
Այդ պատճառով, Զախարովայի խօսքով, Ռուսիոյ խաղաղապահներու նկատմամբ նման վերաբերմունքը անընդունելի է։