Ռւսիոյ ԱԳՆ-ն ներկայացուցած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Սերգէյ Լաւրովի` Յունիս 9-ին Երեւանի մէջ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամուլի ասուլիսի սղագրութիւնը, որուն մէջ արցախեան Փառուխ գիւղի վերաբերեալ Լաւրովի պատասխանը էականօրէն փոխուած է:
Յիշեցնենք, որ երէկ Լաւրովը, պատասխանելով համապատասխան հարցին, ըսած էր, որ Փառուխ գիւղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորականներուն համար: Լաւրովի խօսքով` այնտեղ արդէն կան որոշակի արդիւնքներ իրավիճակի ապամագլցողութեան տեսակիւնէն:
«Եւ մենք ունեիք գիտակցումը առ այն, որ սահմանազատման հարցով արդէն սկսող առարկայական աշխատանքի շրջանակին մէջ այս հարցերը պիտի քննարկուին ու անպայման պիտի լուծուին», ըսած էր ՌԴ ԱԳ նախարարը:
Մինչդեռ ՌԴ ԱԳՆ սղագրութեան մէջ որպէս Լաւրովի պատասխան նշուած է հետեւեալը. «Յոյս ունենք, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի գործարկումը կը նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան բարձրացման ու ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանտուութեան գօտիին մէջ թոյլ չի տար Փառուխի տիպի միջադէպեր»: