Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահը հինգշաբթի՝ 7 դեկտեմբերի, առաւօտեան իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի պաշտօնական հրաւէրով մեկնած է Մոսկուա։
Իրանի նախագահը գլխաւորած է բարձրաստիճան քաղաքական եւ տնտեսական պատուիրակութիւնը, գրած է Մեհր գործակալութիւնը:
«Հիւսիս-հարաւ» փոխադրային միջանցքի նախագիծի իրականացումը Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններու թեմաներէն մէկը պիտի ըլլայ: Այս մասին Ռուսիա մեկնելէ առաջ յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին։
«Երկու երկիրներն ալ կը ձգտին իրականացնել «Հիւսիս – հարաւ» միջանցքի նախագիծը, եւ բանակցութիւններու թեմաներէն մէկը ատոր կառուցման արագացումն է»,-Իրանի առաջնորդի խօսքը մէջբերած է IRNA գործակալութիւնը:
Մէկօրեայ այցի ընթացքին քննարկման հիմնական թեմաները եղած են նաեւ Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնումը, տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրները, Պաղեստինի եւ Կազայի մէջ վերջին զարգացումները։
Սա Իրանի նախագահի երկրորդ այցն է Ռուսիա 2021 թուականի օգոստոսին նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք։