image

Սուրիոյ մէջ Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք 270 հազար փախստական վերադարձած է

Սուրիոյ մէջ Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք 270 հազար փախստական վերադարձած է

Սուրիոյ մէջ Պաշար Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք 270 հազար փախստական վերադարձած է երկիր՝ յայտնած են ՄԱԿ-էն:

ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Սուրիոյ ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է, որ սուրիացիներու վերադարձի հիմնական խոչընդոտներն են բնակարանային իրաւունքներու, անվտանգութեան, հիմնական ծառայութիւններու հասանելիութեան հարցերը եւ տնտեսական դժուարութիւնները:

Ան աւելցուցած է, որ փախստականներուն աւելի քան 60 տոկոսը կը ցանկայ այցելել Սուրիա՝ նախքան վերադարձի մասին վերջնական որոշում կայացնելը: