image

Պրիւքսելի պատճառով Եւրոպայի տնտեսութիւնը կը փլուզուի․ Օրպան

Պրիւքսելի պատճառով Եւրոպայի տնտեսութիւնը կը փլուզուի․ Օրպան

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան քննադատութեան ենթարկած է Ուքրանիոյ աջակցելու Եւրոպական Միութեան քաղաքականութիւնը՝ ըսելով, որ այս ռազմավարութիւնը կը նշանակէ փող լեցնել «անյոյս պատերազմ»ի մէջ:

«Մենք մեր փողերը կը լեցնենք Ուքրանիոյ՝ անյոյս պատերազմի մէջ, եւ Եւրոպան հեղեղուած է անօրինական գաղթականներով: Պրիւքսելն իր դռները բացած է անօրինական գաղթականներուն համար»,- Ռիա Նովոսթիի հաղորդմամբ,  այս մասին Օրպան ըսած է շաբաթ օր՝ ելոյթ ունենալով Մատրիտի մէջ կայացած միջոցառման ժամանակ։

«Պրիւքսելի պատճառաւ Եւրոպայի տնտեսութիւնը փուլ կու գայ»,- ընդգծած է ան։