image

Ռաֆահի մէջ Իսրայէլի գործողութեան մեկնարկի օրը որոշուած է. Նեթանիահու

Ռաֆահի մէջ Իսրայէլի գործողութեան մեկնարկի օրը որոշուած է. Նեթանիահու

Իսրայէլը չէ հրաժարած Եգիպտոսի հետ Կազայի հատուածի սահմանին գտնուող Ռաֆահ քաղաքի մէջ ռազմական գործողութիւն իրականացնելու իր նպատակէն, որու մեկնարկի օրը արդէն որոշուած է, յայտարարած է Բենիամին Նաթանիահուն։

«Ես մանրամասն զեկոյց ստացած են Գահիրէի բանակցութիւններու մասին։ Մենք մշտապէս կ՚աշխատինք մեր նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ՝ առաջին հերթին մեր բոլոր գերիները ազատելու եւ «Համաս»-ի նկատմամբ ամբողջական յաղթանակի հասնելու համար։ Այդ յաղթանակը կը պահանջէ Ռաֆահ մուտք գործել եւ այնտեղ ոչնչացնել ահաբեկչական գումարտակները»,- յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետը:

Նաթանիահուն նշած է, որ գործողութեան օրը արդէն որոշուած է, սակայն յստակ ժամկէտներ չէ նշած։

Միաժամանակ Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Կազայի հատուածին մէջ զոհերու թիւը հասած է 33 207-ի, վիրաւորներունը՝ 76 000-ի: Միայն անցած 24 ժամուան ընթացքին զոհուած է 32, վիրաւորուած 47 պաղեստինցի: