ՔՊ–ն պիտի չմասնակցի դատաւոր Սեդա Սաֆարեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով Սահմանդրական Դատարան դիմելու քուէարկութեան

ՔՊ–ն պիտի չմասնակցի դատաւոր Սեդա Սաֆարեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով Սահմանդրական Դատարան դիմելու քուէարկութեան

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Սեդա Սաֆարեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով Սահմանադրական դատարան դիմելու հարցի քուէարկութեան: Ազգային ժողովէն ներս այս մասին յայտնած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը։

«Համարում ենք, որ հարցի քննարկումից յետոյ անհրաժեշտ չի քուէարկութեան մասնակցելը, որովհետեւ լեգիտիմ չենք համարում այն մեղադրանքները, որոնք հնչել են»,-ըսած է Կոնջորեան։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավարը ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքի վրայ, որ Սեդա Սաֆարեանը սահմանուած ժամկէտի մէջ պետական եկամուտներու կոմիտէին տեղեկացուցած է իր՝ որպէս ձեռներեց գործունեութեան դադրեցման վերաբերեալ։

«Դա նշանակում է, որ Սեդա Սաֆարեանը պետութեանը պատշաճ կերպով իրազեկել է, որ այլեւս դադարում է զբաղուել փաստաբանական ծառայութիւններով։ Շեշտեմ, որ էական խախտում չկայ եւ դրա հիմքով է, որ չենք մասնակցելու այդ քուէարկութեանը։ Եթէ լինէր էական խախտում, մենք շահագրգռուած կը լինէինք ընթացակարգերին հետեւողական լինելու»,- եզրափակած է Կոնջորեանը։

Յիշեցնենք, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը Ազգային ժողովի քննարկմանն ներկայացուցած էր ԱԺ որոշման նախագիծը, որով կ'առաջարկէ դիմել Սահմանադրական դատարան՝ ՍԴ դատաւոր Սեդա Սաֆարեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու հարցով: Նախագիծի համար հիմք հանդիսացած են փաստաբաններ Արսէն Բաբայեանի եւ Սոս Յակոբեանի մասնագիտական վերլուծութիւնը, նաեւ մամուլի մէջ այլ հրապարակումները, ըստ որու՝ Սեդա Սաֆարեանը, ընտրուելով Սահմանադրական դատարանի դատաւոր, զբաղուած է փաստաբանական գործունէութեամբ։