image

ՔՊ–ի կեդրոնական գրասենեակը տեղափոխուած է ՀՀ կառավարութեան շէնքին մօտ

ՔՊ–ի կեդրոնական գրասենեակը տեղափոխուած է ՀՀ կառավարութեան շէնքին  մօտ

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակն այս պահուն կը գործէ Սայաթ–Նովա–Չարենց փողոցներու խաչմերուկի մօտ գտնուող շէնքին մէջ։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գրասենեակի` նախապէս վարձակալած տարածքի համար պիտի յայտարարուի նոր մրցոյթ։ ՀՀ կառավարութիւնը այսօր հաստատեց համապատասխան նախագիծը, որ ներկայացուցած է ՀՀ պետական գոյքի կառավարման կոմիտէն։

843,83 քմ մակերեսով տարածքը ոչ բնակելի է, այն կը գտնուի Հանրապետութեան թիւ 47 հասցէին վրայ։

Կուսակցութիւնը տարածքը վարձակալած էր 2022 թուականէն, սակայն այս տարուան փետրուարէն սեփական նախաձեռնութեամբ ազատած է տարածքը։

Վարձակալութեան մրցոյթով տարածքը պիտի տրամադրուի 10 տարի ժամկէտով: Ամսական նուազագոյն վարձավճարը պիտի կազմէ 10,3 մլն դրամ:

Ի դէպ, այդ շէնքի ետեւի նամասին մէջ՝ Մելիք Ադամեան փողոցին վրայ տեղակայուած է ՀՀԿ կեդրոնական գրասենեակը, իսկ հարեւանութեամբ ՀՅԴ գրասենեակն է։