«Համազգային»-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային վարչութեան, օրերս, կազմակերպած երկրորդ Երաժշտական փառատօնը Ուաշինկթընի մէջ համախմբած է աւելի քան 40 պատանի երաժշտասէրներ։
Երաժշտական ուսուցումն ու հայեցի մշակութային միջավայրը միաւորած եռօրեայ նախաձեռնութեան նպատակն է նոր սերունդին մօտ զարգացնել երաժշտական կարողութիւնները եւ ամրապնդել անոնց կապը հայ մշակոյթին ու լեզուին հետ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Համազգային»-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ -ի շրջանային վարչութեան կազմակերպած 2-րդ Երաժշտական Փառատօնը իր դռները բացաւ 25 Յունիսին Ուաշինկթընի մէջ՝ համախմբելով աւելի քան 40 պատանի երաժշտասէրներ։ Եռօրեայ այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի հայ երաժշտութեան շուրջ համախմբել նորահաս սերունդը, զարգացնել անոնց երաժշտական հմտութիւնները եւ ստեղծել հայեցի միջավայր մը, ուր լեզուն, մշակոյթն ու արուեստը կը միաւորուին։
Փառատօնին հրաւիրուած են հայ երաժշտական աշխարհի յայտնի դէմքերէն՝

-Մաէսթրօ Զաքար Քէշիշեան՝ խմբավար, շուիահար, տուտուկահար երաժշտագէտ եւ «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ։
-Սէրուժ Գրաճեան՝ դաշնակահար, յօրինող եւ «Կրէմմի» մրցանակի թեկնածու։
-Տիանա Ադամեան՝ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր ջութակահարուհի։
-Գէորգ Քէշիշեան՝ սրնգահար, տուտուկահար եւ երաժշտագէտ։
-Սեւակ Աւանէսեան՝ թաւջութակահար, Կապանի Միջազգային Երաժշտական Փառատօնի հիմնադիր եւ Դանիոյ թագաւորական օփերայի մենակատար։
Եռօրեայ փառատօնի ընթացքին մասնակիցները իրենց նուագարաններուն համապատասխան աշխատանոցներու մասնակցեցան եւ անմիջականօրէն աշխատեցան փորձառու արուեստագէտներու հետ։ Այս դասընթացքներուն եւ փորձերուն միջոցաւ անոնք նոր գիտելիքներ ու փորձառութիւն ամբարեցին, միաժամանակ կատարելագործելով իրենց կատարողական եւ բեմական կարողութիւնները։
Փառատօնը առանձնայատուկ է նաեւ իր հայեցի մթնոլորտով։ Բոլոր աշխատանքները, հանդիպումներն ու քննարկումները կ՚ընթանան հայերէն լեզուով, ինչ որ մասնակիցներուն կու տայ ոչ միայն երաժշտական, այլեւ ազգային եւ մշակութային հարուստ փորձառութիւն մը։
Փառատօնի աւարտին, իւրաքանչիւր մասնակից բեմ բարձրացաւ եւ հանդիսատեսին ներկայացուց իր պատրաստած երաժշտական կտորը։ Իսկ նախատեսուած եզրափակիչ համերգին ներկաները առիթ ունեցան վայելելու հրաւիրեալ արուեստագէտներու կատարումները։
Այս տարուան փառատօնը նաեւ առանձնայատուկ է այն առումով, որ անոր կը մասնակցին ոչ միայն հայ, այլեւ խումբ մը ոչ հայ պատանիներ, որոնք այս նախաձեռնութեան միջոցով առիթ կը ստանան ծանօթանալու հայկական մշակոյթին, երաժշտութեան եւ աւանդութիւններուն։ Այս ներկայութիւնը փառատօնը կը վերածէ մշակութային երկխօսութեան գեղեցիկ հարթակի մը, ուր երաժշտութիւնը կը դառնայ տարբեր մշակոյթներու միջեւ կամուրջ։
Երաժշտական աշխատանոցներուն զուգահեռ, մասնակիցները հայկական պարերու դասընթացքներու ալ մասնակցեցան։ Այսպիսով, անոնք ոչ միայն երաժշտական հմտութիւններ զարգացուցին, այլեւ աւելի մօտէն ծանօթացան հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկուն՝ ժողովրդական պարին եւ անոր հարուստ աւանդոյթներուն։
Հայ երաժշտութիւնը անգամ մը եւս հնչեց Ուաշինկթընի բեմէն՝ հանդիսատեսին փոխանցելով մեր մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնն ու հոգեւոր արժէքները։
Ծնողներու, մասնակիցներու եւ կազմակերպիչներու խանդավառութիւնը կը վկայէ, որ փառատօնը արդէն իսկ կը կատարէ իր առաքելութիւնը։ Ան դարձած է օրինակելի նախաձեռնութիւն մը, որ կը խրախուսէ պատանիներու երաժշտական զարգացումը, կը զօրացնէ անոնց կապը հայկական մշակոյթին հետ եւ կը նպաստէ համայնքային կեանքի աշխուժացման Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Վարձքը կատար բոլոր արուեստագէտներուն, կազմակերպիչներուն, ծնողներուն եւ մեր տաղանդաւոր պատանի երաժիշտներուն, որոնց նուիրումն ու ոգեւորութիւնը այս փառատօնը կը վերածեն իսկական մշակութային տօնի։