ՀՀ քննչական կոմիտէէն ստացուած հաղորդման հիման վրայ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 446–րդ յօդուածի 2–րդ մասի եւ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 254–րդ յօդուածի 3–րդ մասի 2–րդ եւ 4–րդ կէտերու յատկանիշներով ՀՀ հակափտածութեան (հակակոռուպցիոն) կոմիտէէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ ՀՀ քննչական կոմիտէի տնտեսական յանցագործութիւններու եւ մաքսանենգութիւններու քննութեան գլխաւոր վարչութեան՝ Երեւան քաղաքի Դեղատան 3 հասցէին վրայ գտնուող վարչական շէնքէն առանձնապէս խոշոր չափերով գումար յափշտակելու դէպքի առթիւ։
Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ հակակոռուպցիոն կոմիտէն:
Նշուած է, որ քրէական վարոյթով նախաքննութեան ընթացքին ձերբակալուած է մէկ անձ։ Յանցագործութիւնը բացայայտելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած է եւ կ՚իրականացուին լայնածաւալ հետախուզական եւ ապացուցողական գործողութիւններ։ Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ մամուլի մէջ տեղեկատւութիւն յայտնուած էր, որ նախորդ գիշեր աննախադէպ գողութիւն արձանագրուած է Քննչական Կոմիտէէն ներս։ Քննչական Կոմիտէի Տնտեսական յանցագործութիւններու եւ մաքսանենգութիւններու քննութեան գլխաւոր վարչութեան շէնքէն, որ կը գտնուի դեղատան փողոցին վրայ, յափշտակուած է որպէս իրեղէն ապացոյց պահուող 590.000 տոլար։ Չհրկիզուող պահարանը, ուր կը պահուէր գումարը, եղած է 6-րդ յարկը։ Չարագործը շէնք մուտք գործած է քննիչի կեղծ անցագրով։
«Փաստինֆո»ի տեղեկութիւններով ձերբակալուածը Քննչական Կոմիտէի Տնտեսական յանցագործութիւններու եւ մաքսանենգութիւններու քննութեան գլխաւոր վարչութեան 5-րդ վարչութեան պետն է: