image

Ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան գործով 7 անձ ձերբակալուած է.Քննչական Կոմիտէէն յայտարարութիւն

Ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան գործով 7 անձ ձերբակալուած է.Քննչական Կոմիտէէն յայտարարութիւն

Հայաստանի քննչական կոմիտէն յայտնած է, որ ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան եւ ապօրինի զինամթերքի շրջանառութեան գործով իրականացուած մեծածաւալ գործողութիւններու շնորհիւ ձերբակալուած է 7 անձ:

Քննչական կոմիտէի տուեալներով՝ խուզարկութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած են հեռավար գործարկման համար նախատեսուած ելեկտրական անդրապայթիչ, ատոր բաղկացուցիչ մասեր, մարտական նռնակ եւ պայթուցիչ, վառոդ, ռատիոկապի միջոցներ եւ այլ առարկաներ։

Ձերբակալուածներէն մէկու նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ ահաբեկչութեան նախապատրաստութեան մասին յօդուածով։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի հանրային կապերու գրասենեակէն ի պատասխան յայտնած են, որ դաշնակցականներու տուներու խուզարկութեան հետեւանքով որեւէ ապօրինի առարկայ չէ յայտնաբերուած։ ՀՅԴ-էն վստահեցուցած են, որ առգրաւուած բոլոր զէնքերը օրինական են։

«Նկարներում պատկերուած առարկաների մեծ մասը, այդ թւում՝ նռնականման առարկան նախատեսուած է Սթրայքբոլ խաղի համար։ Նռնականման առարկայի ներսում պահուել են Սթրայքբոլ խաղի համար նախատեսուած սիսեռի հատիկներ։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի Հանրային կապերի գրասենեակ»,- ըսուած է ՀՅԴ յայտարարութեան մէջ։