Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը ողջունած է Հայաստանի կողմէ մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը երկրաշարժէն տուժած Թուրքիոյ։ Ան այս մասին գրած է թուիթըրեան էջին:
«Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նման մեծ ողբերգութեան պայմաններուն ոգեւորիչ է տեսնել հարեւան Հայաստանի ցուցաբերած աջակցութիւնն ու ատոր հետեւած դրական արձագանգը», - գրած է Քլաար: