image

Քիշնեւի հանդիպման ժամանակ Ալիեւ չէ առարկած. Միրզոյեանը` 1975 թուականի քարտէզի մասին

Քիշնեւի հանդիպման ժամանակ Ալիեւ չէ առարկած. Միրզոյեանը` 1975 թուականի քարտէզի մասին

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման վերաբերեալ յստակ քարտէզի շուրջ վերջնական պայմանաւորուածութիւն չկայ։ 5 յունիսին Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու ու ֆինանսավարկային եւ պիւտճէթային հարցերու մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին այս յայտարարութիւնն ըրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։

«Բայց կայ պարտաւորութիւն եւ յանձնառութիւն այդ աշխատանքներն իրականացնել Ալմա Աթայի հռչակագրին համահունչ։ Անցած տարուայ հոկտեմբերի 6-ին Պրահայում սրա շուրջ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել։ Որ քարտէզով` պայմանաւորուածութիւն չկայ»,– ըսած է արտաքին գործոց նախարարը։

Ան աւելցուցած է,որ որքանով իրեն յայտնի, հնգակողմ հանդիպման ժամանակ Քիշնեւի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն առարկութիւն չէ յայտնած 1975 թուականի քարտէզի վերաբերեալ։

«Խօսքն այն քարտէզի մասին է, որի շուրջ ըմբռնում եւ պատրաստակամութիւն կայ շարունակելու աշխատանքները միջազգային ողջ հանրութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմից։ Մենք կարծում ենք, որ միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը 1975 թուականի քարտէզով ճանաչելը եւ դելիմիտացիայի աշխատանքներն այդ հիմքով սկսելը ընդունելի լուծում է ՀՀ–ի համար»,– նշած է Միրզոյեան։

Ան նշած է, որ ըստ իրենց պատկերացման` սահմանազատման հիմք պէտք է ըլլան ոչ թէ այնպիսի փաստաթուղթեր եւ քարտէզներ, որոնք ձեռնտու են այս կամ այն կողմին, այլ որոնք իրաւականօրէն ամենաանխոցելին են։

Միրզոյեանը աւելցուցած է, որ իրեն յայտնի հանդիպումներու արդիւնքներով` Ալիեւը միշտ առարկած է սահմանազատման համար որպէս հիմք վերցնել 1975 թուականի քարտէզները, եւ միայն վերջին` քիշնեւեան հանդիպման ժամանակ է, որ ըսած է` դէմ չէ։