Ուքրանացի զինուորականները պնդած են, որ քանի մը շաբաթ տեւած ականազերծումէ յետոյ յաջողած են ճեղքել ռուսական զօրքերու պաշտպանական առաջին գիծը Զապորոժիէի շրջանի արեւմուտքը։ Այդ կը նշանակէ, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերն աւելի կը մօտենան հարաւային ճակատը ամրացուած խրամատներու ցանցին:
Ըստ «Թաւրիա» գործնական-ռազմավարական խմբաւորման հրամանատար Ալեքսանտր Թարնաւսքիին՝ Ռուսիա իր ներուժներու 60%-ը ուղղած է պաշտպանութեան առաջին գիծի կառուցման եւ միայն 20%-ը՝ յաջորդ երկու պաշտպանական շերտերէն իւրաքանչիւրին:
Ռուսական կողմը, սակայն, հերքած է այդ լուրը: «Ուքրանիոյ զինուժի՝ Զապորոժիէի շրջանին մէջ ռուսական պաշտպանութեան առաջին գիծը ճեղքելու մասին յայտարարութիւններն իրականութեան չեն համապատասխաներ: Ռուս զինուորականները կը պահպանեն իրենց դիրքերը, իսկ Ուքրանիոյ զինուած ուժերը սարքերու եւ մարդոց մեծ կորուստներ կը կրեն»,- յայտարարած է շրջանային վարչակազմի ներկայացուցիչ Վլատիմիր Ռոկով։
Մէկ այլ տեղեկութեան համաձայն՝ Ուքրանիոյ զինուժը երկրի պաշտպանութեան նախարարութենէն ստացած է արհեստական բանականութեամբ Saker Scout անօդաչու թռչող սարքեր՝ մինչեւ 10 քիլոմեթր հեռահարութեամբ։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ անօդաչու թռչող սարքի համակարգն այնպէս կառուցուած է, որ տեսողութեան միջոցով այն ինքնուրոյն կը ճանչնայ եւ կը հաստատէ սարքի չափագրումները, տեղեկատուութիւնն անմիջապէս կը փոխանցէ հրամանատարական կէտ՝ համապատասխան որոշում կայացնելու համար: