image

Քիեւ պիտի պատասխանէ Մոսկուայի հարուածներուն

Քիեւ պիտի պատասխանէ Մոսկուայի հարուածներուն

Քիեւ պիտի պատասխանէ Ռուսիոյ կողմէն երկրի տարբեր շրջաններու զանգուածային գնդակոծութեան։ 

Թելեկրամի ալիքով գրած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։

Ան յայտնած է, որ գիշերը Ռուսիոյ կողմէ յարձակման ենթարկուած շրջաններուն մէջ դեռ փրկարարական աշխատանքներ կ'իրականացուին հարուածներուն եւ բեկորներուն ինկած վայրերուն մէջ։ 

Զելենսքի գրած է, որ զոհերու թիւը հասած է 4-ի, 16 մարդ վիրաւորուած է։ 

«Այս եւ մնացած բոլոր յարձակումներուն համար մենք անպայման պատասխան կու տանք Ռուսիոյ։ Մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններն անպատիժ չեն կրնար մնալ», - ըսած է Զելենսքի։