image
Հրատապ լուրեր:

Քիեւ պատրաստ է Մոսկուայի հետ երկխօսութեան

Քիեւ պատրաստ է Մոսկուայի հետ երկխօսութեան

Ուքրանիան պատրաստ է Ռուսաստանի հետ երկխօսութեան որեւէ ձեւաչափով, ինչպէս միջնորդներլու ներգրաւմամբ, այնպէս ալ ուղղակիօրէն Ռուսաստանի ղեկավարութեան հետ։ Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին:

«Մենք պատրաստ ենք հանդիպելու Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ: Մենք անկէ չենք վախնար, մենք պատրաստ ենք որեւէ ձեւաչափով՝ ինչպէս որեւէ գործընկերներու հետ: Մենք պատրաստ ենք նաեւ ուղիղ երկխօսութեան», ըսած է Զելենսքին՝ անդրադառնալով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւններու պատրաստակամութեան մասին հարցին։

Զելենսքիի խօսքով՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին հետ հնարաւոր հանդիպման օրակարգը կը համաձայնեցուի, եւ անհրաժեշտութեան պարագային ան պատրաստ է անձամբ զանգահարելու Փութինին՝ համաձայնեցնելու բանակցութիւններու թեմաները։

«Ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք հանդիպման տարբեր ձեւաչափեր ստեղծելու համար», ըսած է Զելենսքին:

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը յայտնած է, որ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ ամենաբարձր մակարդակով շփումներու հեռանկարը տակաւին տեսանելի չէ, քանի որ նախկին համաձայնագրերու ձեւերն ու կարգավիճակը չեն փոխուած։ Միաժամանակ ան յիշեցուցած է Փութինի պատրաստակամութիւնը նման երկխօսութեան՝ համապատասխան օրակարգի առկայութեան պարագային, ինչ որ բազմիցս ընդգծուած է։