image

Քիեւ իրական թիւրը կը թաքցնէ. Շոյկուն յայտնած է Ուքրանիոյ «հսկայական կորուստներ»ու մասին

Քիեւ իրական թիւրը կը թաքցնէ. Շոյկուն յայտնած է Ուքրանիոյ «հսկայական կորուստներ»ու մասին

Ուքրանիոյ զինուած ուժերու զօրքերու եւ տարածքային պաշտպանութեան կորուստները հսկայական են, սակայն Քիեւի ղեկավարութիւնը հասարակութենէն կը թաքցնէ իրական թիւերը։ Երեքշաբթի՝ 16 օգոստոսին, նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն՝ «Բանակ-2022» ֆորումի շրջածիրէն ներս Միջազգային անվտանգութեան մոսկովեան համաժողովի բացման ժամանակ։  Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախարարի խօսքով՝  ռազմական գործողութիւններու արեւմտեան մարտավարութեան մէջ Քիեւի դերը կենդանի ուժը որպէս սպառման նիւթ մատակարարելն է:

«Սա կը բացատրէ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու անձնակազմի եւ տարածքային պաշտպանութեան կազմաւորումներու հսկայական կորուստները», -ըսած է ան։

Շոյկուն նաեւ ընդգծած է, որ ժամանակի ընթացքին այդ տուեալները պիտի դառնան հրապարակային։

Նշենք, որ Ուքրանիոյ պնդմամբ՝ ռուսական կողմն ունի աւելի քան 43 000 զոհ:

Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յատուկ գործողութիւնը սկսած է 24 փետրուարին։