Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, հիւրընկալած է Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանը եւ Քեսապի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Նշան Լնդեանը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Շաբաթ, 1 Նոյեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան եւ Քեսապի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Նշան Լնդեան։
Այցելուները զեկուցեցին Քեսապի մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին։ Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց հայր սուրբին գլխաւորութեամբ տարուող ազգանուէր աշխատանքը եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։