Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը եւ ԱՄՆ նախագահի անվտանգութեան հարցով խորհրդական Ճէք Սալիվանը հեռախօսազրոյց ունեցած են:
Թրքական Milliyet–ի փոխանցմամբ` Իպրահիմ Քալըն–Ճէք Սալիվան հեռախօսազրոյցին ժամանակ կողմերը խօսած են տարածաշրջանի խնդիրներուն մասին, այդ շարքին անդրադարձած են հայ–թրքական յարաբերութիւններուն:
Կողմերը նշած են, որ հայ–թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը կարեւոր է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ զարգացման համար: