image

ՔԱՀԼ-ի յարկին տակ նշուած է «Մայրերու օր»ը 

ՔԱՀԼ-ի յարկին տակ նշուած է «Մայրերու օր»ը 

Պէյրութի մէջ, օրերս, նշուած է Մայրերու օրը, կազմակերպութեամբ՝ ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան տիկնանց յանձնախումբի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։

Սրահը լեցուն էր գարնան ծաղիկներու բոյրով, ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտով եւ ազնուաշուք հրաւիրեալներով`  նուիրուած մեր սիրելի մայրերուն:

Ներկայ էին ազգային, բարեսիրական, եկեղեցական տարբեր կառոյցներու տիկնանց յանձնախումբերու  ներկայացուցիչներ եւ ՔԱՀԼ-ի հաստատութիւնը քաջալերող հոծ թիւով բարեկամներ:

Երեքշաբթի, 29 ապրիլ 2025-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին ՔԱՀԼ-Ի Հայ տարեցներու տան տիկնանց յանձնախումբը հանդիսաւոր կերպով նշեց Մայրերու օրը Տըպպայէի «Լա մարինա քլապ» ճաշարանին մէջ:

Սրահը լեցուն էր գարնան ծաղիկներու բոյրով, ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտով եւ ազնուաշուք հրաւիրեալներով`  նուիրուած մեր սիրելի մայրերուն:

Ներկայ էին ազգային, բարեսիրական, եկեղեցական տարբեր կառոյցներու տիկնանց յանձնախումբերու  ներկայացուցիչներ եւ ՔԱՀԼ-ի  հաստատութիւնը քաջալերող հոծ թիւով բարեկամներ:

Օրուան  հանդիսավար, յանձնախումբի  ատենադպրուհի Շաքէ Գարայեան իր բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները` շնորհաւորելով  բոլորին  Մայրերու տօնը, ապա շեշտեց մօր դերակատարութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ մայրը միշտ  եղած է  ազգին  յենարանը եւ իրմով  յարատեւած է ազգը: Ան աւելցուց` ըսելով. «Այսօր մենք հաւաքուած ենք ոչ միայն նշելու օրացոյցէն տօն մը, այլեւ` մեր հոգիներուն խորքէն խօսելու ձեզի, սիրելի մայրեր եւ մեծ մայրեր: Անձնուէր սիրոյ, անմար գուրգուրանքի եւ անդադրում աղօթքի խորհրդանիշ էք դուք: Ձեր հեզ ու ուժեղ ներկայութիւնը այն հիմքն է, որուն վրայ կանգնած են ընտանիքները, եւ ձեր օրհնանքներով է, որ կը լուսաւորէք  սերունդներու  ճամբան»: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Թալին Խաչատուրեանին, որ սիրայօժար ու մեծ գոհունակութեամբ ընդառաջած էր  այս  ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնելու հրաւէրին եւ կատարած` սրտաբուխ իր նուիրատուութիւնը: ՔԱՀԼ-ի տիկնանց յանձնախումբը ծաղկեփունջով մը  պատուեց օրուան նախագահը:

Պատուելի Թերզեան իր խօսքը սկսաւ` շնորհակալութիւն  յայտնելով  ներկաներուն,  որոնք  ընդառաջեցին  եւ ներկայ  գտնուեցան  այս ձեռնարկին` միասին վայելելու օրուան  ջերմութինը: Պատուելին ուզեց, որ ներկաները յատուկ ձեւով տեղեկանան ՔԱՀԼ-Ի տիկնանց  յանձնախումբի անդամներուն երկար տարիներու անձնազոհ եւ նուիրեալ ծառայութեան ու աշխատանքին մասին` ի նպաստ ՔԱՀԼ-ի բարգաւաճման: Ան նաեւ գնահատեց  հաստատութեան անձնակազմը եւ անոր տարած դժուարին, սակայն շատ կարեւոր առաքելութիւնը: Պատ. Թերզեան հակիրճ անդրադարձաւ հաստատութեան եւ յատկապէս կուրանոցին պատմականին, որ կ՛երկարի մինչեւ 1923 Ղազիրի որբանոց: Ցեղասպանութենէն 110 տարիներ անցած են, եւ տակաւին հաստատութիւնը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը` պատսպարելով մեր նահատակներուն թոռները:

Պատուելի Թերզեան անդրադառնալով այս ծառայութեան` ըսաւ, որ այդ մէկը սիրոյ արտայայտութիւն է` հրաւիրելով բոլորս` զիրար սիրելու իբրեւ մէկ ընտանիքի անդամներ, սիրել զիրար` իբրեւ գաղութ եւ սիրել զիրար իբրեւ մէկ ազգի  զաւակներ: Յատկապէս այս օրերու անկիւնադարձային դժուարին պայմաններուն, աւելի քան երբեք, պէտք է միասնական ըլլալ եւ ձեռք-ձեռքի տալով` յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւններ: Ձեռք պէտք է երկարենք մեր շուրջ գտնուող կարօտեալին եւ տկարին: Այս սիրոյ արտայայտութիւնը իր ջերմ դրսեւորումը  կ՛ունենայ  նաեւ ՔԱՀԼ-ի մեծ ընտանիքին հանդէպ, ուր անտէր տարեցը կը ստանայ խնամք եւ յարգանք:

Ճաշկերոյթին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ջութակահար Շահէ Աւագեան հաճելի նուագով դիմաւորեց հրաւիրեալները: Ապա վաստակաւոր երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան, նուագի ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչեքէնեանի,  ազգային, հայրենասիրական եւ սիրուած երգերով ճոխացուց ձեռնարկը եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց:

Աւարտին ներկաները մեծ գոհունակութիւն յայտնեցին եւ փափաք ներկայացուցին, որ նման ձեռնարկներ կրկնուին: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ  բաժնուեցան սրահէն:

Այս ձեռնարկը իր բովանդակութեամբ ու նպատակի խորքով միաժամանակ հանդիսացաւ երախտագիտութեան ու յարգանքի պարգեւ` մեր մայրերուն, իսկ բարեսիրական բնոյթով` իրական օրհնութիւն մը հաստատութեան համար: Այսպիսի պահեր կը հաստատեն, որ սիրոյ, յարգանքի ու գուրգուրանքի ձայնը երբեք պէտք չէ լռէ, մանաւանդ երբ ան ուղղուած է մեր մոռցուած, բայց ոսկեայ սերունդին` մեր մայրերուն եւ մեր հայրերուն: