image

Պուլտուքեան. «ԱՄՆ-ի գերիշխանութիւնը թէեւ դեռ չէ խորտակուած, բայց ցնցուած Է»

Պուլտուքեան. «ԱՄՆ-ի գերիշխանութիւնը թէեւ դեռ չէ խորտակուած, բայց ցնցուած Է»

Լիբանանահայ ելեւմտագէտ, երկարամեայ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-կառավարիչներէն Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի հետ ունեցանք շահեկան հարցազրոյց մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք սոյն հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

 

*

-Աշխարհ կը դիմագրաւէ դժուարին ժամանակներ, ինչ որ, անշուշտ, պայմանաւորուած է Ուքրայնայի տագնապով։ Ի վերջոյ ի՞նչ իրավիճակի առջեւ պիտի ըլլանք յառաջիկայ փուլերուն։ Միւս կողմէ, քաղաքական առումով նախապէս եթէ կրնայինք ըսել, որ միաբեւեռ աշխարհի մը մէջ կ՚ապրինք, հիմա այլեւս այդպէս պիտի չըլլայ: Մինչ այդ, մինչեւ հիմա գլխաւոր թղթադրամ ամերիկեան տոլարը արդեօք վտանգուա՞ծ է: Ի՞նչ կը խորհիք այդ մասին։

Կ՚ընդունիմ, որ նոր բեւեռներ ստեղծուեցան, որովհետեւ հին բեւեռները այնքան ալ օգտակար չեն միջազգային ընդհանուր գանձատրական եւ տնտեսական փոխյարաբերութիւնները շարունակելու: 1945-ին որոշուած էր, որ տոլարը միջազգային դրամ ըլլայ եւ միջազգային գործառնութիւնները տոլարով ըլլան, սակայն անցեալ դարու վերջաւորութեան Եւրոպան եւ այլ երկիրներ ուզեցին տոլարի իշխանութենէն դուրս գալ, ապա մէջտեղ եկաւ եւրոն 2000 թուականին: Եւրոյի ստեղծումը առաջին քայլն էր, որով ուզեցին սահմանափակել տոլարի գերիշխանութիւնը, քանի տոլարի քանակը (Supply of money) տարածուած էր աշխարհի չորս կողմ ու եւրոպացիներ չուզեցին այլեւս անոր իշխանութեան տակ մնալ։ Այն ատեն Չինաստան այսօրուան ներուժը եւ ներկայութիւնը չունէր։ Անգլիան Միացեալ Նահանգներու կողքին էր, իսկ Ճաբոնը շատ բան չէր կրնար ընել: Ամերիկայի պետական պարտքը 2003-ին մօտաւորապէս 4 թրիլիոն տոլար էր։ Այդ պարտքերը գոյացած էին՝ զանազան պատերազմներու եւ 2008-ի Ամերիկայի դրամական ցնցումին պատճառով։ 4 թրիլիոն տոլարի պարտքը բարձրացաւ 18 թրիլիոնի, իսկ այսօր այդ 18 թրիլիոնը 44 թրիլիոն եղած է. այսինքն տոլարին ներքին արժէքը ինկաւ ու արտասահմանի բոլոր երկիրներուն մէջ դժգոհութիւն յառաջացաւ:

Ռուսաստանի նախագահ Փութինին ըրածը նորութիւն չէ, ասկէ առաջ այլ երկիրներ ալ փորձած են ընել: Օրինակ՝ Լիպիոյ նախագահ Մուամմէր Քատտաֆին եւ Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյինը իրենց երկրի նաւթի համար փոխանակ տոլարի՝ կը պահանջէին ոսկի եւ եւրօ։ Աւելի ուշ ամերիկացիք պատերազմներ ստեղծեցին, որպէսզի տոլարը գերիշխող մնայ: Հիմա ալ Փութին իր ծախած նաւթին փոխարէն ռուբլի կը պահանջէ, իսկ Չինաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ նաւթի փոխյարաբերութիւնները տոլարով չեն, այլ չինական եուանով: Ամերիկա շահագործեց տոլարի իր գերիշխանութիւնը միւս երկիրներուն վրայ, իսկ միւս երկիրները հիմա արթնցած են եւ կ՚ուզեն ձերբազատուիլ միջազգային գործառնութիւնները տոլարով ընելէ: Յատկապէս մեծ գործառնութիւնները, ինչպէս՝ նաւթի, կազի, հացահատիկներու, մետաղներու եւ զինամթերքի, կ՚ըլլան ամերիկեան տոլարով։ Այսօր այդ հարցը շրջուեցաւ եւ անշուշտ Ամերիկա կը սոսկայ այս մօտեցումներէն։ Անոնք կ՚ուզեն վրէժ լուծել, բայց ինչ ձեւով պիտի ըլլայ այդ վրէժը, չեմ գիտեր. ինչ պիտի ընեն, որպէսզի յաղթահարեն այս վիճակը, չեմ գիտեր: Այլ խօսքով՝ Ամերիկայի գերիշխանութիւնը ճիշդ է, դեռ չխորտակուեցաւ, բայց ցնցուած է:

Ինչ կը վերաբերի նոր բեւեռներուն, Սէուտական Արաբիան իր գահաժառանգին օրօք մօտեցաւ Ռուսաստանին եւ այդ յարաբերութեան հիմքը նաւթ-փոխշահաւէտ գործակցութիւնն է։ Ռուսաստանի մէջ 300 տարուայ կազի եւ նաւթի պահեստ-պաշար մը կայ: Նոյնը պատահեցաւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Չինաստանի միջեւ եւ անոնք սկսան խողովաշարեր հասցնել մինչեւ Չինաստան: Ասկէ ետք ո՞ր բեւեռները իրար պիտի հանդիպին եւ որոնք իրար պիտի հակասեն յայտնի չէ: 1945-ի «Bretton Woods»ի տոլարի հետ կապուած որոշումը ձեւով մը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի: Եւրոն բեւեռ մըն էր, հիմա ռուբլին ալ կամաց-կամաց բեւեռ պիտի ըլլայ, չինական եուանը նոյնպէս բեւեռ է: Միջազգային առեւտուրը՝ մանաւանդ նաւթի, կազի եւ զինամթերքի ի՞նչ դրամանիշով պիտի փոխանակուին, այդ դեռ չեմ գիտեր: Եւ այս բոլոր խնդիրներուն լուծումը ապագային երեւելի պիտի դառնայ։

 

-Արդեօք օր մը պիտի գա՞յ, որ թղթադրամը վերանայ եւ մարդիկ ուրիշ միջոցներով, իրենց գործառնութիւնները ընեն։

Դրամը իր բուն իմաստով կը գործածուի ապրանք փոխանակելու համար, արժէք արժէքի դիմաց: Դրամի սահմանումը հետեւեալն է. ան արժէքի պահեստանոցն է, փոխանակելու, պարտք վճարելու եւ ներդրումներ կատարելու միջոց: Հազարաւոր տարիներ առաջ արժէքները կը փոխանակուէին գնդիկներով կամ ձիթապտուղի կուտերով, աւելի ուշ մետաղադրամներով, ապա ատոնց յաջորդեց ոսկեայ դրամները: Մարդիկ ոսկի դրամները տունը չէին պահեր, կը տանէին պահ կը դնէին լումայափոխներու մօտ եւ համապատասխան ստացագիր կ՚առնէին կնքուած ու պաշտօնապէս ստորագրուած լումայափոխէն. այդ ստացագիրները տնտեսութեան պատմութեան ընթացքին վերածուեցան այսօրուայ մեր դրամանիշին: Այդ լումայափոխները վերածուեցան հաստատութիւններու, որոնք իրենք կը տպէին դրամանիշները ապաւինելով իրենց ունեցած ոսկիին, վստահութիւն տալով թղթադրամին, ինչպէս այդ թղթադրամին վստահութիւն կու տայ այսօր որեւէ երկրի կեդրոնական դրամատունը:

Երբ աշխարհի տնտեսութիւնները բարեփոխուեցան, յղացան դրամ կրելու նոր ձեւեր եւ օգտագործողը սկսաւ կրել «քրետիթ քարտ»երը իր տեսակներով: Բայց անոր ալ կեղծը կայ, գողութիւնը կայ, ամէն տեսակի զեղծարարութիւն կայ: Հետեւաբար հիմա աշխարհը թուայնացման մեթոտներով գործելու ճանապարհին է։ Այլ խօսքով՝ ձեռքիդ ո՛չ «քրետիթ քարտ» կը բռնես եւ ոչ ալ թղթադրամ։ Այդ համակարգը կը կոչուի online banking (առցանց դրամավարութիւն), բայց դրամատան մէջ դրամ պիտի ունենաս, որպէսզի կարենաս որեւէ գործողութիւն կատարել։ Դրամատունը պարզապէս պահեստանոցն է քու հաշիւիդ: Այսօր դրամավարութիւնը համաշխարհային մակարդակով կ՚երթայ թուայնացման (digital), ինչ որ լաւ բան է, եւ ունի առաւելութիւններ. նախ կը դիւրացնէ մարդոց կեանքը, ժամանակի խնայողութիւն է, ծախսերու վերահսկում եւ գողութեան հաւանականութեան նուազում: Հայաստան հիմա այդ առաւելութիւնը կայ եւ արդէն կը տեսնենք, որ թուայնացած դրամավարութիւնը սկսած է կիրառուիլ:

 

-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հայաստանի դրամատնային ոլորտը եւ ինչի՞ կարիք ունի Հայաստանը աւելիով զօրացնելու իր դրամատնային համակարգը:

Դրամատնային համակարգը ես գիտեմ 1991-էն ի վեր, բազմաթիւ յօդուածներ գրած եմ այդ մասին: 1991-ին գոյութիւն ունէին Սովետական համակարգէն մնացած 5 դրամատուներ:

Հայաստանի դրամատնային համակարգը շուրջ 30 տարուայ կեանք ունի 1993-1994-էն ի վեր: Այն ատեն արտօնագիր տրուեցաւ 69 դրամատուներու, որոնցմէ մնացին 19-ը, իսկ մնացեալը սնանկացան: Հիմա ալ 19-էն աւելի չեն: Այն ատեն, ցաւօք սրտի, անոնցմէ շատեր թալանեցին ժողովուրդը ու երկրէն փախան, որովհետեւ դեռ Կեդրոնական դրամատունը բաւարար ներուժ չունէր իր «թեւին տակ» պահելու այդ դրամատուները։ Դրամավարութեան յատուկ մշակոյթ կայ (Banking Culture), որ կը տարբերի տնտեսական շուկայական մշակոյթէն (Market Economy Culture): Այսօր այսքան տարի է, տակաւին դրամավարութիւնը շատ փափկանկատ հաստատութիւն է Հայաստանի մէջ: Banking Culture-ը տարիներու կը կարօտի: Հիմա կարծես Հայաստանի դրամատուներու հասունութեան ժամանակաշրջանն է, սակայն, որպէսզի հայաստանեան դրամատուները աւելիով զօրացնեն իրենց ներկայութիւնը տեղական եւ միջազգային շուկաներուն մէջ, հետեւեալ քայլերը պէտք է իրականացնեն.

1.- Դրամատուներու դրամագլուխները պէտք է բարձրանան, որպէսզի ուժեղ դիրքի վրայ ըլլան եւ դիմագրաւեն շատ մը վտանգներ:

2.- Կեդրոնական դրամատունը պէտք է աւելիով վերահսկէ այս դրամատուները, այսինքն պէտք եղածէն աւելի վերահսկէ, որպէսզի դրամատնային ցանցը զօրանայ:

3.- Որպէսզի դրամատուներու դրամագլուխը աւելնայ, պէտք չէ շահաբաժին տրուի տարուան վերջը բաժնետէրերուն։ Եւ այդ քաղաքականութիւնը պէտք է կիրառուի մինչեւ հինգ տարի, որպէսզի դրամագլուխներ կուտակուին եւ աւելնան:

4.- Պէտք է Կեդրոնական դրամատունը պատրաստ դրամի (liquidity) բաժինը բարձրացնէ: Դրամատուներուն ունեցուածքի բաժինը կը ներառէ կանխիկ գումար, հանրութեան փոխ տրուած դրամներ, ներդրումներ եւ անշարժ գոյքեր։ Փոխ տրուած գումարները զանազան ձեռնարկատէրերու համար ախորժակէն մեծ պէտք չէ ըլլան, իսկ ատիկա պէտք է վերահսկէ Կեդրոնական դրամատունը, որոշ տոկոսներ կան, որոնք պէտք է յարգուին: Նաեւ պետութիւնը պարտատոմսեր պէտք է հրապարակէ։ Կ՚ուզեմ, որ դրամատուները այս շրջանին առաւելագոյն պատրաստի գումար ունենան, եւ հետաքրքրուած ըլլան ոչ թէ յաւելեալ շահ ապահովելով, այլ աւանդներու գումարաչափը բարձրացնելով։ Դրամատան մը գերագոյն մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ իր պատրաստի գումարը, որովհետեւ մարդիկ յանկարծ կրնան իրենց դրամը պահանջել, դրամատունը պէտք է կարողանայ վճարել: Անգամ մը 2000 թուականին, Պէյրութ բանաստեղծուհի մը եկած էր, երբ զիս տեսաւ ըսաւ. «դրամները սուղցան, ինծի բարձր տոկոս տուին ու յետոյ անհետացան», այսպէս կը թալանէին մարդիկը: Հիմա այդ արդէն չեն կրնար ընել, որովհետեւ յայտնի է, թէ որու արտօնագիր տրուած է:

5.- Դրամատուներու խորհուրդի կազմին մէջ քաղաքականութեան հետ առընչուող մարդիկ պէտք չէ ներառել: Պէտք է խորհուրդի անդամները ըլլան պարկեշտ մարդիկ, գործարարներ, որոնք գիտեն դրամը ինչպէս բարգաւաճեցնել ու ճիշդ կառավարել:

Դրամատան համար միշտ առաջնահերթը դրամ դնող յաճախորդը պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ բաժնետէրը, անկախ թէ դրամատունը շատ կը շահի կամ քիչ:

Տրուած ըլլալով, որ ընդհանուր քաղաքական կացութիւնը, միջազգային կացութիւնը եւ պատերազմը մեր տարածաշրջանին մէջ մշտական գործօններ են, որոնք շփոթ կը յառաջացնեն, թէ ինչ ուղղութեամբ կարելի է երթալ, պարտաւոր ես «պատնէշ»դ բարձր պահել։ Բարձր դրամագլուխ ունենալով, լաւ կատարողականութիւն ու լաւ տնօրէն ունենալով եւ վերահսկելով ամէն մանրամասնութիւն՝ կը կարողանաս իրական յաջողութեան հասնիլ եւ ինքզինքդ կը պահպանես «ովկիանոս»ին մէջ, մինչեւ որ փոթորիկը հանդարտի:

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս