 
                    Պատմութեան մէջ կան ժամանակներ, երբ ժողովուրդներն ու երկիրները բառացիօրէն կ'անհետանան, քանի որ չեն կարողանար յաղթահարել մարտահրաւէրները։ Որովհետեւ անոնք կը դաւաճանեն այն, ինչ որ անոնց համար իսկապէս սրբազան է եւ պէտք է ըլլայ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։
«Նայեցէք՝ ինծի համար պարզապէս ցնցող էր, թէ ինչպէս թուացեալ անխախտ պատմութիւնը, անոր կարգին՝ Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած պատմութեան վրայ հիմնուած անխախտ փիլիսոփայութիւնը, յանկարծ, շատ հայ առաջնորդներու եւ պետական գործիչներու մեկնաբանութեամբ, վերածուեցաւ ինչ որ քաղաքական գործօնի, որ, անոնց խօսքերով, կարելի էր անտեսել։ Կարո՞ղ էք պատկերացնել», - ըսած է Զախարովա։
Ան ընդգծած է, որ որոշ բաներ իսկապէս անխախտ եւ սրբազան են, քանի որ անոնց համար վճարուած են հսկայական թիւով մարդկային կեանքեր։