Կոչ պիտի ընեմ Եւրոպական Միութեան շարունակելու մեծցնել «ռազմական աջակցութիւնն Ուքրանիոյ»՝ Թրամփի ծրագիրներու վերաբերեալ անորոշութեան ֆոնին, յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորել։
«Եւրոպական Միութիւնը արդէն տրամադրած է 122 միլիառ եւրոյի օգնութիւն Ուքրանիոյ, ինչ որ կը կազմէ Քիեւին ամբողջ աջակցութեան շուրջ 50%-ը։
ԵՄ երկիրները դեռ համաձայնութեան չեն եկած Ուքրանիոյ տարածք եւրոպացի ռազմական հրահանգիչներ ուղարկելու հարցով.
ԵՄ կը շարունակէ ուքրանացի զինուորականները մարզել համայնքին մէջ։ «70 հազար ուքրանացի զինուորականներ արդէն վերապատրաստուած են մեր առաքելութեան ծիրէն ներս»,- ըսած է ան։
Պորել նաեւ հաստատած է, որ ԵՄ կը պատրաստէ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 15-րդ փաթեթը։