image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ յաջորդ բանակցութիւնները, հաւանաբար, տեղի պիտի ունենան Ամերիկայի մէջ. Զելենսքի

Ուքրանիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ յաջորդ բանակցութիւնները, հաւանաբար, տեղի պիտի ունենան Ամերիկայի մէջ. Զելենսքի

Վլատիմիր Զելենսքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ նոր հանդիպումներ կրնան տեղի ունենալ Միացեալ Նահանգներու մէջ: 

«Առաջիկային կը նախատեսուին յաջորդ հանդիպումները։ Հաւանաբար Ամերիկայի մէջ»,-ըսած է Զելենսքին։

Չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի Ապու Տապիի մէջ կայացած է Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու երկրորդ փուլը՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ: Առաջին փուլը տեղի ունեցած է 23-24 յունուարին, Ապու Տապիի մէջ։ Բանակցութիւններն ընթացած են փակ ձեւաչափով, առանց մամուլի։