image

Պոլսոյ մէջ. Յարգած են յիշատակը Նազար Հանչէրի եւ Արարատ Մօրի (Լուսանկար)

Պոլսոյ մէջ. Յարգած են յիշատակը Նազար Հանչէրի եւ Արարատ Մօրի (Լուսանկար)

Օրերս Պոլսոյ հայկական համայնքի անդամներ յարգած են յիշատակը երկու ազգային գործիչներու, որոնք մահացան ոչ հեռու անցեալին եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարեւոր «ստորագրութիւն»ը դրած է համայնքային կեանքէն ներս։

Յարգանքի արժանացած համայնքայիններն են՝ Նազար Հանչէր եւ Արարատ Մօր։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Երէկ, ինչպէս ամէն շաբաթավերջ, բազմամարդ էր Պալըքլըի հայոց գերեզմանատունը։ Քառասունքի կամ տարելիցի համար ոգեկոչումները այս «խաղաղ» ժամադրավայրը կը բերէին մարդիկը ու հարազատ մը կորսնցնելու դաժան իրականութեան հետ գլուխ գլխի կը ձգէին զանոնք։

Վստահաբար, խորհելով որ ժամանակը որքա՜ն շուտ կը սահի-կ'երթայ, խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուեցաւ Մարմարա-ի մարզական աշխատակից, «մարզական դեսպան» Ողբ. Նազար Հանչէրի շիրմին մօտ։ Մահուան առաջին տարելիցի առթիւ, իր այրիին՝ Տիկին Էլմոն Հանչէրի, դստեր եւ թոռներուն, ընտանիքի մերձաւորներու հետ միասին ոգեկոչման համար հաւաքուած էին համայնքային գործիչներ, բարեկամներ ու համակիրներ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ՝ Նաթան Քահանայի կողմէ, գեղաձայն դպիրներ երգեցողութիւնը կատարեցին։ Շիրիմը ծածկուեցաւ ծաղիկներով եւ ծաղկեպսակներով։ Յիշատակները վերաթարմացան զրոյցներու ընդմէջէն, ծխացող խունկի քուլաները գացին միանալ այլ գերեզմաններէն բարձրացող քուլաներուն հետ, ցաւի ամպ մը կազմելով շիրիմներուն վերեւ։

Նոյն վայրկեաններուն կ'ոգեկոչուէր նաեւ թատրոնի ու համայնքային կեանքի նուիրեալներէն Արարատ Մօր՝ մահուան քառասունքի առթիւ։ Տասնեակներով անձեր հո՛ն ալ հաւաքուած էին եւ կը սգային անժամանակ մեկնումի ցաւը։ Կսկիծն ու մրմուռը տարբեր երանգներով կը ցոլանային վշտահար մօր, այրիին, երկու դուստրերուն եւ հարազատներուն դէմքին վրայ։ Հոս Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեցին Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Զաւէն Քհնյ. Պչաքճեան։ Սգակիրներ երկար պոչ բռնեցին իրենց ցաւակցութիւնը յայտնելու համար։

Տխուր օր մըն էր...։