image

Պոլսոյ մէջ. Ճաշկերոյթ՝ ի նպաստ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ

Պոլսոյ  մէջ. Ճաշկերոյթ՝ ի նպաստ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ

Պոլսոյ ամայի թաղերէն Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ Թաղային խորհրդի անդամները, օրերս, ճաշկերոյթ մը կազմակերպած են ի նպաստ իրենց եկեղեցւոյ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

16 Նոյեմբեր Շաբաթ երեկոյ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ Թաղային խորհրդի անդամները Արամեան-Ունճեան Սանուց Միութեան սրահին մէջ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեցին ի նպաստ իրենց եկեղեցւոյ։

Ինչպէս տեղեակ ենք, Իսթանպուլի հեռաւոր եւ հայ համայնքէն զուրկ մնացած այս եկեղեցին որեւէ կալուածի տէր չէ։ Ուստի եկեղեցին խնամելու եւ ծախսերը հոգալու համար Թաղային Խորհուրդը որոշած է այսպիսի կազմակերպութիւններ կատարել։

Գանտիլլիի եկեղեցին Սեպտեմբեր ամսուան մէջ Գալֆաեան Որբանոցին ի նպաստ միասնականութիւն հաստատած Թաղային խորհուրդներու շարքին էր։ Այս թաղային խորհուրդներու անդամները, նորէն միասնականութեան զգացումներով եւ Գանտիլլիի նեցուկ կանգնելու համար համախմբուած էին սեղաններուն շուրջ։

Ներկաներուն միջեւ կը գտնուէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկ. Արսէն Եարման, Տէր եւ Տիկ. Եթքին Պէրպէրօղլու ամոլները եւ համակիրներ։

Սեղաններուն համեղ ճաշերը պատրաստած էին Արամեան Ունճեան Սանուց Միութեան Տիկնանց կազմը՝ գլխաւորութեամբ Ալին Շէնճանի։

Իբրեւ փոխատենապետուհի, Առլէթ Ինճիտիւզէն Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անունով եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ տուաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն։

Ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճիի ձեռամբ յուշապնակ մը յանձնուեցաւ Ալին Շէնճանին։ Թաղային խորհուրդի անդամներէն Եասմին Թիւթիւնճիւ իր պատրաստած յուշանուէրները բաժնեց Միութեան Տիկնանց կազմին անդամներուն։

Երգիչ Լեւոն Դերձակեանն ալ իր խանդավառ երգերով զուարճացուց հրաւիրեալները։

Ստեղծուած մտերմիկ մթնոլորտին մէջ ներկաները երգեցին, պարեցին, իրարու հետ զրուցեցին։

Յառաջիկայ ժամերուն կատարուեցաւ վիճակահանութիւն մըն ալ, որուն նուէրները «Կենաց Ծառ»ի աշխատանոցի մասնակիցներուն պատրաստած յախճապակիներ էին։ Իսկ վիճակահանութեան ամէնէն բախտաւորը Տիկին Լինտա Գումտակեզէրի պատրաստած եւ վիճակահանութեան նուիրուած յախճապակիէ սուրճի սեղանիկի (սեհփա) տէր եղողն էր։

Հրաւիրեալները մինչեւ ուշ ատեն վայելեցին այս գիշերուան հաճոյքը եւ գոհունակութեամբ մեկնեցան։