image

Պոլսոյ մէջ. Հայուհին անդամ Թուրքիոյ պետական երիտասարդական երգչախումբին

Պոլսոյ մէջ. Հայուհին անդամ Թուրքիոյ պետական երիտասարդական երգչախումբին

Օրերս Պոլսոյ հայկական համայնքի երիտասարդ անդամներէն ՝ Նարօտ Ակոշեան ընտրուած է դառնալու անդամ պետական մարմիններու հովանաւորութիւն ունեցող երգչախումբին։

Այս մասին ամփոփ լրատւութիւն մը կատարած է Պոլսոյ մեր պաշտօնակից ՝«Նոր Մարմարա»ն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Սահակեան Դպրաց Դաս երգչախումբի վարիչ Սեւան Ակօշեանի դուստրը՝ Նարօտ Ակօշեան, որ նոյն երգչախումբի մանկապատանեկան խումբի ղեկավարն է, իրաւունք ստացած է որպէս հիմնադիր անդամ մաս կազմելու Թուրքիոյ երիտասարդական երգչախումբին։

Այս իրաւունքին արժանի նկատուած են 56 երիտասարդ երգիչ-երգչուհիներ, որոնք Անգարայի մէջ մէկտեղուեցան՝ անդրանիկ փորձերու համար։


Հաճոյքով կը տեղեկանանք որ Նարօտ ընտրուեցաւ բազմաթիւ դիմողներու ընդմէջէն եւ ասկէ ետք երգչախումբի հետ միասին Թուրքիան պիտի ներկայացնէ երկրի մէջ ու միջազգային ձեռնարկներու ընթացքին։


Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Նարօտ Ակօշեանին։

Կը շնորհաւորենք նաեւ իր ծնողքը՝ սիրելի Սեւան Ակօշեանն ու կողակիցը եւ բոլոր մերձաւորները։