Իսթանպուլի մէջ բացումը կատարուած է ժամանակակից արուեստի միջազգային 4րդ տօնավաճառին, որուն մասնակցած են նաեւ հայաստանցի արուեստագէտներ։
Հայաստանցի արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են Ա-15տաղաւարին մէջ, որ կը կրէ «հայ արուեստի սիրտը» անունը։
Այս մասին «Արեւելք» կարդաց՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝
Թերեւս որպէս օրուայ մշակութային լուր միայն քանի մը տողով արձագանգ պիտի հանդիսանայինք ժամանակակից արուեստի միջազգային 4րդ տօնավաճառին ու անոր բացման պաշտօնական հանդիսութեան, եթէ «հայկական դրոշմ» մը չունենայինք այս միջոցառման մէջ։
Ինչպէս գրած էինք արդէն, Երեւանէն «Արուեստի դեսպանատուն» ցուցասրահը ժամանակակից արուեստի բազմաձայն ձայներ կը ներկայացնէ ու իր տաղաւարը ունի տօնավաճառին մէջ։
Երէկ Ենիգաբուի «Գատիր Թօփպաշ ներկայացումներ եւ արուեստ» կեդրոնին մէջ կատարուեցաւ տօնավաճառի նախադիտումը, սարքուեցաւ համերգ մը, մրցանակներ շնորհուեցան։ Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները յոյս յայտնեցին որ տօնավաճառը կ'աջակցի արուեստի կեդրոններուն եւ հարթակ կը հանդիսանայ արուեստի ոլորտը բարելաւելու եւ հզօրացնելու համար։
***
Պաշտօնական հանդիսութենէն առաջ այցելեցինք «հայ արուեստի սիրտը» անունով հայկական տաղաւար ու ներկայացուած ստեղծագործութիւնները դիտելէ ետք, հաճելի զրոյց մը ունեցանք «Արուեստի դեսպանատուն» ցուցասրահի տնօրէն եւ հիմնադիր Դաւիթ Մելիքսէթեանի, ցուցահանդէսի մասնակից արուեստագիտուհիներէն Աննա-Աննուկ Սողոմոնեանի եւ Ռիմա Ազատեանի հետ։
Պր. Դաւիթ Մելիքսէթեան խանդավառ էր որ իրենց ցուցասրահը կը ներկայանար միջազգային բնոյթով այսպիսի միջոցառման մը ու վաճառքի կը տրամադրէր գործերը տաղանդաւոր խումբ մը արուեստագէտներու, որոնք կ'աշխատին նկարչութեան, քանդակագործութեան եւ,- ինչ որ եզակի է,- օշիպանա թեքնիքով ստեղծագործելու ոլորտներուն մէջ։ Էտիթ Սիմոնեանն է որ կ'աշխատի այդ թեքնիքով, ներկ չի գործածեր, չորցուած ծաղկաթերթիկները որպէս նախանիւթ կը գործածէ իր աշխատանքներուն համար, նոյնիսկ ամենափոքր մանրամասնութիւնները մեծ ծաղկաթերթիկէ փրցուած մասով մը կ'ամբողջացնէ։ Դաւիթ Մելիքսէթեան ըսաւ որ «Սէր» անունով աշխատանքը ամէնէն գլխաւորը եղած է Էտիթ Սիմոնեանի համար ու ան յատկապէս այս գործը ընտրած է Իսթանպուլեան տօնավաճառին համար։ Արուեստագէտը ճաբոնական թեքնիքը միահիւսած է հայկական միջնադարեան մանրանկարչութեան հետ, ստանալով գեղեցիկ համադրութիւններ։
Հայկ Գրիգորեան բացի նկարչութենէ, նաեւ լաւ երաժիշտ է, շեփորահար եւ այն շարքը, որով Հայկ կը ներկայանայ այս տօնավաճառին, կը կոչուի «Հիփնոս». կը բաղկանայ ութ կտաւներէ, բայց միայն չորսն է որ կը ներկայացուին հայկական տաղաւարին մէջ։ Արուեստագէտը «մինիմալիսթ» աշխարհ մը ստեղծած է իր ստեղծագործութեանց մէջ։
Լիլիթ Եղիազարեանի հեղինակութեամբ երեք աշխատանք կայ տաղաւարին մէջ. ականջը, շունը եւ ես ու ես։ Դաւիթ Մելիքսէթեան ըսաւ որ ինք միայն վերջերս է որ բացայայտած է Լիլիթ Եղիազարեանը, երիտասարդ տաղանդաւոր նկարչուհի մը, «ականջ»ի թեման հետաքրքրական դրսեւորումներ կ'ունենայ արուեստագիտուհիին մօտ, որ նաեւ ականջի փոքր քանդակ մըն ալ կցած էր իր երեք կտաւներուն, որոնց մէջ տիրապետող էին կանանչ, դեղին ու գորշագոյն երանգները, նորի խիստ տպաւորիչ փնտռտուքով, մտքերը վրձինի շնորհիւ արտայայտելու իւրայատուկ մօտեցումով։
Մարիանա Փաթաթանեան հետաքրքրական արուեստով մը կը ներկայանայ, մանկական վառ ու անմիջական գոյներով, ան կեանքի մէջ ինքնաարտայայտումը գտած է նկարչութեան մէջ ու ստեղծած է հետաքրքրական արուեստ մը։
Դաւիթ Մելիքսէթեան պատմեց նաեւ քանդակագործներ Մուշեղ Բարսեղեանի ու Բագրատ Բալաբէկեանի մասին։ Առաջինը կ'աշխատի որպէս նախանիւթ գործածելով պրոնզը, ներկայացուած շարքը նոր է, հնեցման թեքնիքով պատրաստուած քանդակներ են իր գործերը։ Գալով Բագրատ Բալաբէկեանին, իրմէ ներկայացուած են երկու պրոնզ եւ մէկ կաւէ քանդակ մը։
Աննա-Աննուկ Սողոմոնեանի իւղաներկով կտաւները վերջին 7-8 ամիսներու ստեղծագործական ներշնչումի արդիւնքն են, այսինքն այն օրերուն, երբ սկսաւ Արցախի հայաթափումը եւ յաջորդող մտահոգիչ օրերը։ Միայն թէ Աննա «Մենք ենք մեր սարերը» անունով շարքին մէջ սուգը չէ որ նկարած է...։ Պատկերած է երջանիկ Հայաստանը։ Աննայէն դրական լիցքերը անմիջապէս փոխանցուեցան նաեւ մեզի։ Ինչպէս որ ինք շէնշող դիմագծութեամբ արուեստագիտուհի էր, այդ լաւատեսութիւնը ամբողջովին իր ցոլացումը գտած էր կտաւներուն մէջ։ Այո՛, հայ ժողովուրդի պատմութեան տխուր մէկ էջի մասին է իր շարքը, բայց այդ տխրութեան մէջ իսկ յոյսը կը փոխանցուի զուարթ գոյներով։ Կարմիրը, կապոյտն ու նարնջագոյնը տիրական են բոլոր ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ կրնանք ըսել որ գունեղ երանգները գոնէ կտաւներուն մէջ յաղթած էին «տրտմութեան»։ «Փորձեցի գործածել ուրախ, վառ գոյներ, թերեւս նաեւ հեքիաթային, որովհետեւ մեր իրականութիւնը այսքան ալ պարզ չէ, այսքան ալ յուսալից չէ, բայց գոնէ նկարենք որ այդ բոլորը դառնան իրականութիւն», ըսաւ Աննա, մեզի հետ զրոյցի ընթացքին։
Լիանա Ասատրեանի գործերուն մասին եւս Աննան է որ տեղեկութիւններ փոխանցեց, յայտնելով որ նկարչուհին շեշտը դրած է մարդկային յոյզերու եւ զգայնութիւններու վրայ։ Կտաւներու հերոսները մարդիկ էին որոնք բերան չունէին, բայց շատեր,- այնպէս ինչպէս ես չնշմարեցի առաջին հայեացքով,- չեն նկատեր ատիկա, որովհետեւ կտաւները խօսուն են եւ այնքա՜ն ազդեցիկ մարդկային յոյզերու տեսակէտէ, որ կարծես բերանի եւ բառերու պէտք չկայ այդ ամէնը փոխանցելու համար։
Ռիմա Ազատեան երեք կտաւով կը ներկայանայ այս տօնավաճառին մէջ, որոնցմէ մէկը՝ երկու անջատ կտաւի ամբողջութիւն կը հանդիսանայ։ Իր ստեղծագործական ներշնչումի արդիւնք են բնապատկերներու եւ դիմանկարներու շարքերը։ «Որոշեցի ծաղիկներու թեմաներով ներկայանալ։ Իր վերջին աշխատանքներն են ասոնք, մակնոլիաներն ու հայկական դաշտավայրերու գունագեղ ծաղիկները՝ խորհրդանշական կարմիր կակաչներով», պատմեց նկարչուհին, որ ի դէպ նաեւ 14 տարիէ ի վեր դասախօս է ճարտարապետա-շինարարական համալսարանի մէջ, նաեւ Նկարիչներու Միութեան անդամուհի։ Իրեն համար հոգեհարազատ յատուկ ուղղուածութիւն մը չկայ, ամէն ինչ կախեալ է հոգեվիճակէն, երբեմն ծաղիկներով կ'ոգեշնչուի, երբեմն դիմանկարային շարքը կը զբաղեցնէ միտքն ու հոգին, կը սկսի մարդկային բնաւորութիւնները կտաւին փոխանցել դիպուկ վրձնահարուածներով եւ հետաքրքրական յօրինումներով։ Կը սիրէ տարուայ բոլոր եղանակները, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ առանձնայատուկ երանգներ կ'որսայ իր կտաւներուն համար։ Ռիմա Ասատրեան քանի մը անգամ անհատական ցուցահանդէսներ բացած է Երեւանի մէջ, բայց երկրէն դուրս խմբային ցուցադրութիւններու կը մասնակցի։ «Թէ՛ կը դասախօսեմ, թէ՛ կը ստեղծագործեմ, որովհետեւ կը կարծեմ որ այլ կերպ անկարելի է, պէտք է համընթաց ըլլալ երիտասարդութեան հետ, կարենալ փորձառութենէն բաժին հանել ապագայ արուեստագէտներուն եւ մասնագէտներուն», նշեց արուեստագիտուհին, աւելցնելով որ իր գործերը կը վաճառուին նաեւ յատուկ հարթակներու վրայ։ Կտաւներէն մէկը որ իրականութեան մէջ երկու կէսէն կը բաղկանար, ուշագրաւ էր։ Նկարչուհին ըսաւ որ ի սկզբանէ մէկ կտաւ խորհած էր, բայց ստեղծագործելու ընթացքին նոր գաղափար մը ունեցաւ եւ որոշեց մէկ ամբողջութեան վերածել զանոնք։
Ի դէպ, «Արուեստի դեսպանատուն» աշխատանոց- ցուցասրահի անունը խորհրդանշական է։ Ցուցասրահը կը գտնուի փողոցի մը մէջ, ուր նախ կան երեք երկիրներու դեսպանատուներ, իսկ յաջորդը իրենց ցուցասրահն է։ Ցուցասրահին մէջ մնայուն կերպով կ'աշխատին վեց արուեստագէտներ, բայց կայ նաեւ փոքրիկ ցուցասրահը ուր պարբերաբար ցուցադրութիւններ, շարժանկարի ցուցադրութիւններ, արուեստագէտներու հետ հանդիպումներ կը սարքուին, այսինքն խմբային ոգիով ամէն ինչ՝ արուեստի շուրջ։
Հոգեկան մեծ բաւականութեամբ դիտեցինք հայկական տաղաւարի ցուցադրութիւնները։ Կը յանձնարարենք որ արուեստի սիրահարներ անպայման այցելեն տօնավաճառ, հիւրընկալուին հայկական տաղաւարին մէջ եւ զօրակցին «Արուեստի դեսպաններ»ուն։
Ն. Ս.