image

Հալէպ. Աւետարանական Համայնքի երիտասարդներու այցը՝ «Հայ Ծերանոց»

Հալէպ. Աւետարանական Համայնքի երիտասարդներու այցը՝ «Հայ Ծերանոց»

Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիի կիրակնօրեայ եւ պատանեաց խումբերը, օրերս, որպէս սիրոյ եւ հոգատարութեան արտայայտութիւն այցելութիւն կատարած են Հայ Ծերանոց։

Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը`

Կիրակի,1 Մարտ 2026-ին Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցիի կիրակնօրեայ եւ պատանեաց խումբերը այցելութիւն կատարեցին Հայ Ծերանոց, որպէս սիրոյ եւ հոգատարութեան արտայայտութիւն։ Այցելութեան ընթացքին փոքրիկներն ու պատանիները ձեռային աշխատանքներ կատարեցին ծերունիներուն հետ, միասին երգեցին ու պարեցին՝ ստեղծելով ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտ։

Ծերունիները մեծ սիրով ու երախտագիտութեամբ ընդունեցին անոնց ներկայութիւնը, իսկ փոքրերն եւ պատանիները՝ իրենց կարգին, ապրեցան ծառայութեան եւ մարդասիրութեան գեղեցիկ փորձառութիւն մը։