image

Պոլսոյ մէջ. Այցելութիւն Գանտիլլի եկեղեցին (Լուսանկար)

Պոլսոյ մէջ. Այցելութիւն Գանտիլլի եկեղեցին (Լուսանկար)

Պոլսոյ մէջ, օրերս, խումբ մը տեղացի զբօսաշրջիկներ այցելած են Գանտիլլի Սրբոց Առաքելոց եկեղեցին, ուր անոնց ընդունած եւ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին տեղեկութիւններ տուած են Թաղային Խորհուրդի Ատենապետը եւ փոխ ատենապետը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Գանտիլլիի Սրբոց Առաքելոց եկեղեցիէն կը տեղեկացնեն մեզի.-

27 Յուլիս Կիրակի օր յետմիջօրէին խումբ մը տեղացի զբօսաշրջիկներ այցելեցին Գանտիլլի Սրբոց Առաքելոց եկեղեցին։ Իրենց ուղեցոյցին առաջնորդութեամբ, մօտաւորապէս երեսուն հոգինոց խումբը, քաղաքի շրջապտոյտի ընթացքին իրենց յայտագրին մէջ առած էին Գանտիլլիի Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին եւս։ Անոնք դիմաւորուեցան Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճիի եւ փոխ ատենապետ Առլէթ Ինճիտիւզէնի կողմէ։ Հակառակ կիզիչ արեւուն, անոնք մեծ հաճոյք զգացին այս այցելութենէ։

Յովհաննէս Ֆէնէրճի եկեղեցւոյ պատմութեան մասին տեղեկութիւններ տուաւ։ Յետոյ հիւրերը հետաքրքրութեամբ շրջեցան Գանտիլլի գագաթը գտնուող այս սրբավայրը։ Շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ իրենց շրջապտոյտը շարունակելու համար գոհացումով մեկնեցան եկեղեցիէն։