image

Պոլսոյ Գնալը կղզիիՆ մէջ նկարչական ցուցահանդէս (Լուսանկարներ)

Պոլսոյ Գնալը կղզիիՆ մէջ նկարչական ցուցահանդէս (Լուսանկարներ)

Օրերս, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը» ցուցահանդէսի բացումը, որու ծիրէն ներս «Պոլիս Լուսատու Հարթակ»-ը անգամ մը եւս նոյն աշխատութեամբ ներկայացած է արուեստասէրներուն։

Հանդիսութեան պատուոյ հիւրը եղած է Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Օգոստոս 2-ի երեկոյեան, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Usta Ellerin Sihri» (Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը) ցուցահանդէսի բացումը։ Յունուար 2023-ին կազմուած «Պոլիս Լուսատու Հարթակ»-ը անգամ մը եւս նոյն աշխատութեամբ ներկայացած է արուեստասէրներուն, այս անգամ՝ Գնալը Կղզիի եկեղեցւոյ մէջ։

Հանդիսութեան պատուոյ հիւրը եղած է Սահակ Բ. Պատրիարք հայրը, իր մօտը ունենալով Հայր Ճոն վրդ. Ուըլին, Իշխանաց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ՝ Յարութիւն վրդ. Տամատեանը եւ Պատրիարքական փոխանորդ Գրիգոր աւ. քհնյ Տամատեանը։ Ատենապետ Լեւոն Շատեանի գլխաւորած Կղզեաց թաղային խորհուրդը հիւրընկալած է ներկաները։

Բացման եւ շնորհակալական խօսքերէն ետք, ելոյթ ունեցած է նշեալ Հարթակի հիմնադիր Տայք Տանծիկ եւ ներկայացուցած Հարթակի կազմութեան փուլերն ու նպատակները։ Ան յայտնած է, որ պոլսահայ քանի մը լուսանկարիչներ փափաքը ունեցած էին համախմբուելու եւ հասարակաց անուանում մը ընտրելով այս ուղղութեամբ լուսանկարչական աշխատութիւններ տանելու։ Անոնք նաեւ փափաքած էին ներառել երիտասարդ ուժեր եւ անոնց համար ձեւով մը դառնալ դպրոց։ Հարթակի անդամները շնորհակալութիւն յայտնած են Յարութիւն վարդապետին եւ թաղային խորհուրդին, որոնց հիւրընկալութեամբ եւ կազմակերպութեամբ իրականացած էր սոյն երեկոյթը։ Այս առթիւ եկեղեցիին նուիրած են ցուցահանդէսի ամէնէն իմաստալից նկարներէն մին, որուն մէջ կը ներկայացուի Արա Կիւլէր։

Յաջորդաբար դաշնակահարուհի Ժուլիա Դաւիթ, որ Ամսթերտամէն հիւրաբար Պոլիս ժամանած էր, ներկայացուցած է դասական եւ հայերէն երգերէ նմուշներ, որոնք արժանացած են ներկաներու գնահատանքին։

Հուսկ բանքը արտասանած է Պատրիարք հայրը, որ տեսնելու եւ դիտելու տարբերութիւնը ներկայացնելով ըսած է, թէ շատեր կը նային եւ իրենց տեսածները կը դառնան սովորական երեւոյթներ։ Սակայն կան արուեստագէտներ, որոնք երբ կը նային, կարողութիւնը ունին ներշնչուելու եւ ստեղծագործելու։ Այս առումով լուսանկարիչներ եւս, սկսեալ լուսահոգի Արա Կիւլէրէն, միշտ ուշադրութեամբ դիտած են իրենց շուրջը, լուսանկարներով պատմութիւն կերտելու համար։ Ներկայիս լուսանկարելը աւելի դիւրացած է, սակայն ներշնչող նման նկարներ ձեռք բերելը տարբեր բան է եւ մեծ յաջողութիւն։

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները եկեղեցւոյ սրահին մէջ դիտած են ցուցահանդէսը։ Ապա պարտէզը տեղի ունեցած է ընդունելութիւն մը։