Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանք վարժարանը, օրերս, ուխտագնացութիւն մը կազմակերպած է դէպի Աքմէշէ՝ երբեմնի անունով Արմաշ, ուր անցեալին հաստատատուած է Արմաշու Դպրեվանքը։ Ուխտագնացութեան մասնակցած է նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ։
Այս շաբաթավերջին Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանք վարժարանը կը պատրաստուի տօնախմբել շրջանաւարտներու աւանդական օրը։ Այս մէկը առիթ է որ վարժարանը տարբեր միջոցառումներով պատրաստուի տօնակատութեանց։
Այս ծիրէն ներս Ս. Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքը, 22 Մայիս 2025, Հինգշաբթի, ուխտագնացութիւն մը կազմակերպեց դէպի Աքմէշէ՝ երբեմնի անունով Արմաշ, ուր անցեալին հաստատատուած է Արմաշու Դպրեվանքը։ Ուխտագնացութեան գլխաւորեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր մօտ ունենալով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ու Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։ Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնակալութեան Ատենապետ Ազատ Տէմիրճի, Նուպար Տինչէօզի գլխաւորած վարժարանի սանուց միութեան վարչութենէ անդամներ, սանուց միութեան անդամներ, տիկնանց միութենէ անդամներ եւ հիւրեր եւս իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ճամբորդութեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը ժամը 12.30-ին հասաւ Աքմէշէ եւ դիմաւորուեցաւ վարչութեան անդամներու եւ տեղական պաշտօնական անձանց կողմէ։ Այստեղ փոքր շրջապտոյտ մը կատարեց եւ տեղեկութիւններ ստացաւ Արմաշու Դպրեվանքի համալիրի մասին։ Այցելութիւն տրուեցաւ վանքի տպարանի շէնք, աղբիւր եւ ջրաղացք։ Յաջորդաբար ուխտաւորներ փութացին Աքմէշէ եւ Զաքարիա Միլտանօղլուէն ստացան շահեկան տեղեկութիւններ։
Մինչ այդ, Պատրիարք Հայրը, Տ. Յարութիւն Վարդապետի, Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայի, Ատենապետ Ազատ Տէմիրճիի եւ սանուց միութեան անդամներէն Վօլքան Առատի ընկերակցութեամբ, ժամը 13.30-ին այցելեցին Գօճաէլիի կուսակալութիւն, ուր ընդունուեցաւ Կուսակալ Իլհամի Աքթաշի կողմէ։
Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ ուխտաւորաբար եկած էին Իսթանպուլէն եւ այս առթիւ փափաքած էին քաղաքավարական այցելութիւն տալ Կուսակալին։ Զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Պոլսահայ համայնքի, Ս. Խաչ Դպրեվանքի եւ Արմաշու Դպրեվանքի անցեալի նշանակութեան մասին։ Աքթաշ շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար։ Այցելութեան աւարտին Մեր Հոգեւոր Պետը յիշատակի գիրքեր նուիրեց Կուսակալ Աքթաշին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար։
1951ին Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան իր սարկաւագական ձեռնադրութեան տարեդարձին առթիւ ուխտաւորաբար այցելած է Արմաշու շրջանը եւ այս առիթով հանդիպում ունեցած Էթէմ Եէթքինէրի հետ։ Կուսակալութեան պաշտօնարանէն ուղղուած է դէպի գիւղ եւ այդտեղ գտնելով Արմաշու Վանքի երբեմնի վանահայրերէն Պօղոս Արքեպս. Գարագօչի տապանը, զայն փոխադրել տուած է՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանք։ Բաց աստի Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ Պատրիարք 1991ին Իզմիթի մեծ երկրաշարժէն յետոյ այցելած է Արմաշ եւ մօտէն ականատեսը դարձած երկրաշարժի գործած վնասին։
Պատրիարք Հայրն ու ընկերակիցները, կուսակալութիւն այցելելէ ետք, վերադարձան Աքմէշէ եւ միացան ուխտաւորաց խումբին։ Տասնեակներով ուխտաւորներ համախմբուած էին գիւղի մերձաւոր պուրակի մը մէջ, ուր անցեալին Արմաշու սաներ կը համախմբուէին կազդուրուելու համար։ Կազմուած էր սիրոյ սեղան եւ ներկաներ ջերմ տրամադրութեան տակ թէ՛ զրուցեցին եւ թէ՛ շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն։ Բաց աստի, վարժարանի հիմնադրի նախկին ներկայացուցիչներէն Վարուժան Պուլկան ստանձնեց մատաղի բարերարութիւնը։ Ներկաներ ոգեւորիչ տրամադրութեան ներքեւ Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստացան եւ ուխտագնացութիւնը իր աւարտին հասաւ։
Ս. Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքը յատուկ ձեւով շեշտեց, որ վարժարանի հիմնադիր Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան եղած էր Արմաշական վարդապետներէն մին եւ Արմաշու իր հոգեւոր շունչը առիթ դարձած էր որ հիմնադրուի Ս. Խաչ Դպրեվանքը։ Հետեւաբար, Արմաշու վարժարանի բարոյական յաջորդականութիւնը կը զգան Ս. Խաչի մէջ։ Այս այցելութեամբ անոնք իրենց երախտիքը յայտնեցին Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանին, ինչպէս նաեւ անոր ուսուցիչներուն։
Վարժարանի վարիչներ, նաեւ յիշեցուցին որ անցեալ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ համախմբուած էին Ս. Խաչ Դպրեվանքի շրջանաւարտներուն հետ։ Հաւաքոյթին մասնակցած էին նաեւ Ազատ Տէմիրճիի գլխաւորած վարչութենէ անդամներ եւս։ Այս Կիրակի, ըստ աւանդութեան այցելութիւն պիտի տրուի Շիշլիի Հայոց գերեզմանատուն վախճանեալ վանահայրերուն յիշատակը ոգեկոչելու համար։ Բաց աստի, Սկիւտարի մէջ կատարելի կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեանց պիտի նախագահէ Պատրիարք Հայրը։
Խումբի հետ կատարուած այցելութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը, վերադարձի ճամբուն այցելութիւն տուաւ նաեւ «Արմաշ» Հիմնարկ, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի նոյն շրջանին մէջ։ Այստեղ հիմնարկի մասին տեղեկութիւններ ստանալէ յետոյ, շրջապտոյտ մը կատարեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար։