Պրիւքսէլն այժմ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հետ առանձին-առանձին բանակցութիւններ կը վարէ՝ Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի ու Շառլ Միշելի միջեւ եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու համար։
Առայժմ յստակ արդիւնքներ չկան, բայց հնարաւոր է, որ բանակցութիւնները տեղի ունենան յաջորդ ամիս, «Ազատութեան» յայտնած է Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան։
Պրիւսէլեան աղբիւրը միաժամանակ որոշ փակագիծեր բացած է այդ բանակցութիւններէն՝ մանրամասնելով, որ ատոնց օրակարգին վրայ է նաեւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող երթուղիի հարցը։
Ընդ որում, եւրոպացի դիւանագէտը նշած է, թէ իրենց հետ հանդիպումներուն Ատրպէյճանի նախագահը կը վստահեցնէ՝ որեւէ նկրտում չունի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։
«Ան կը հաւաստիացնէ, թէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրեն եւ լուծեն շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ գերիներու, սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման եւ Ատրպէյճանէն Հայաստանի հարաւային հատուածներ հասնելու վերաբերեալ», -ըսած է եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը՝ աւելցնելով. - «Բոլոր այդ հարցերը պէտք է քննարկուին, եւ ատոնց շուրջ է նախագահ Շառլ Միշելի եւ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի միջնորդութիւնը»։