image

Պրիւքսէլի ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքներով 2 հայ պիտի դառնայ աւագանիի անդամ

Պրիւքսէլի ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքներով 2 հայ պիտի դառնայ աւագանիի անդամ

Պրիւքսէլի մէջ հոկտեմբեր 13-ին կայացած ՏԻՄ ընտրութիւններուն առաջադրուած մօտ չորս տասնեակ հայ թեկնածուներէն երկուքն ընտրուած են իրենց համայնքի աւագանիի անդամ՝ Աննա Յովսէփեանը՝ Ժեթի մէջ, Թոնի Տարօն Օքմընը՝ Զաւենթեմի մէջ։  

Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակիցի հետ զրոյցին Աննա Յովսէփեանը նշած է՝ այս յաղթանակն իրեն համար շատ իմաստալից է՝ կը նշանաւորէ իր առաջին քաղաքական մանթատի մեկնարկը՝ նպատակ մը, որուն ան միշտ փափաքած է հասնիլ։

«Այս յաղթանակը ցոյց է տալիս այն վստահութիւնը, որ Ժետի բնակիչները ցուցաբերեցին իմ եւ նախագծերիս հանդէպ, ինչը մոտիվացիայի հսկայական աղբիւր է: Ես խորապէս երախտապարտ եմ նրանց աջակցութեան համար։ Սա քաղաքապետարանում կոնկրետ փոփոխութիւններ կատարելու եւ քաղաքացիների մտահոգութիւններին արձագանգելու բացառիկ հնարաւորութիւն է: Այս յաղթանակը խրախուսում է ինձ ամրապնդել իմ հաւատարմութիւնը այն արժէքներին, որոնք ես պաշտպանում եմ եւ ներուժս լիովին ներդնել այս նոր դերում»,-ըսած է Աննա Յովսէփեանը։ 

Քաղաքականութիւն մտնելէ առաջ Աննա Յովսէփեանը «Ռեֆորմիսթական շարժում» կուսակցութեան համակիր եղած է. կուսակցութիւնը լիովին կը համապատասխանէ անոր համոզմունքներուն եւ Պրիւքսէլի աւելի լաւ ապագայի տեսլականին։ 

««Ռեֆորմիստական շարժում»-ը պաշտպանում է այնպիսի արժէքներ, որոնք հոգեհարազատ են ինձ․ դրանք են՝ անհատի ազատութիւնը, հաւասար հնարաւորութիւնները եւ կայուն զարգացումը։ Ես խորապէս հաւատում եմ նորարարական քաղաքականութեան խթանման անհրաժեշտութեանը, որն արձագանգում է մեր հասարակութեան ներկայ մարտահրաւէրներին՝ լինեն դրանք շարժունակութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտների խնդիրները, թէ անհաւասարութեան դէմ պայքարը: Այս կուսակցութեան ներսում իմ յանձնառութիւնն ինձ թոյլ է տալիս կոնկրետ լուծումներ առաջարկել եւ քաղաքացիներին ներգրաւել իրենց քաղաքը զարգացնելու գործում»,-աւելցուցած է Աննա Յովսէփեանը։    

Յովսէփեանի ստացած քուէներու քանակը երրորդ լաւագոյն արդիւնքն է՝ Պրիւքսէլի տարածաշրջանի ֆինանսներու եւ պիւտճէի նախարար Սվէն Կացի եւ աւագանիի անդամ Ճենիֆըր Ժեսքիէրի գրանցած արդիւնքներէն ետք։ Այս արդիւնքը Աննա Յովսէփեանին թոյլ կու տայ զբաղցնել աւագանիի մէջ որեւէ ոլորտի համար պատասխանատու անձի մանթատ, որ ան պիտի ստանձնէ դեկտեմբեր 1-ին։