image

ԱՄԷ անորոշ ժամկէտով դադրեցուցած է առեւտուրն Իրանի հետ

ԱՄԷ անորոշ ժամկէտով դադրեցուցած է առեւտուրն Իրանի հետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ երկրի ՀՕՊ համակարգերը յայտնաբերած են Իրանէն արձակուած երկու պալիսթիք հրթիռ։

Ըստ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ հրթիռները եղած են երկրի ծովային նաւագնացութեան դէմ ուղղուած սպառնալիք։ Հրթիռներէն մէկը ինկած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տարածքային ջուրերուն մէջ։ Նախարարութիւնը չէ յայտնած, թէ ճիշդ ինչ թիրախներու ուղղուած են հրթիռները։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործերի նախարարութիւնը յայտարարած է Իրանի հետ բոլոր առեւտրային եւ տնտեսական գործառնութիւններու, ինչպէս նաեւ ֆինանսական գործարքներու դադրեցման մասին։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին գործերի նախարարութեան համաձայն՝ որոշումը պայմանաւորուած է տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան սրմամբ, որ, ըստ գերատեսչութեան, կը սպառնայ տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան։