3 Նոյեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի եւ երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի երրրորդ նիստը՝ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ:
Նիստի մեկնարկէն առաջ Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Սթեֆանօ Սանինօ ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները, յաջողութիւն մաղթեց յանձնաժողովներու աշխատանքներուն եւ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը՝ հետագային եւս օժանդակութիւն ցուցաբերելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Գրիգորեան եւ Մուսթաֆաեւ երախտագիտութիւն յայտնեցին Եւրոպական Միութեան խորհուրդին՝ հանդիպման լաւ կազմակերպման համար:
Նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու մակարդակով տարբեր ձեւաչափերով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ կողմերը շարունակեցին սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցերու:
Յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան իրաւական շրջանակներու ձեւաւորման նպատակով՝ կողմերը պայմանաւորուած են արագացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի համատեղ գործունէութեան կարգի համաձայնեցման աշխատանքները:
Կողմերը պայմանաւորուած են աշխատանքային կարգով որոշել յանձնաժողովներու չորրորդ նիստի գումարման թուականը եւ վայրը: