image
Հրատապ լուրեր:

Պրազիլիոյ մէջ «Պետական հարուած»ի փորձը տապալած

Պրազիլիոյ մէջ «Պետական հարուած»ի փորձը տապալած

Յունուար 8-ին հազարաւոր ցուցարարներ ներխուժած են Պրազիլիոյ մայրաքաղաքի Ազգային քոնկրէսի (խորհրդարան) շէնք եւ՝ աւերածութիւններ գործած։ Այս մասին կը հաղորդէ «Gazeta.ru»ն:

Երկրի նախկին նախագահ Ժաիր Պոլսոնարոյի կողմնակիցները գրաւած են նախագահական նստավայրի, Գերագոյն դատարանի եւ Խորհրդարանի շէնքերը։ Մի քանի ժամ անց բանակի ստորաբաժանումները եւ ոստիկանական ուժերը յաջողած են բռնութեամբ դուրս բերել զանոնք։

Ցուցարարներու դէմ կիրառուած են խլացուցիչ նռնակներ եւ արցունքաբեր կազ, որոնք նետուած են ուղղաթիռներէ: Կալանաւորուած է աւելի քան 400 մարդ, կոպիտ հաշուարկներով անկարգութիւններուն մասնակցած է աւելի քան 5 հազար մարդ։

Անկարգութիւններու ժամանակ գործող նախագահ Լուիս Ինասիու Լուլա տա Սիլվան աշխատանքային այցով կը գտնուէր Սան Փաուլօ նահանգ, սակայն աւելի ուշ վերադարձած է մայրաքաղաք եւ ըսած, որ անկարգութիւններու կազմակերպիչները «պիտի վճարեն» օրէնքները խախտելու համար։

Ինքը՝ Պոլսոնարոն, որու կողմնակիցները դուրս եկած են քաղաքի փողոցներ, չէ աջակցած բողոքի ցոյցերուն։

Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպան աջակցութիւն յայտնած են գործող նախագահ տա Սիլվային եւ իրադարձութիւնները անուանած են «ժողովրդավարութիւնը խարխլելու» փորձ։