image
Հրատապ լուրեր:

PKK Յարձակումներ Գործած Է Շըրնաքի Մէջ. Կան Զոհեր

PKK Յարձակումներ  Գործած Է Շըրնաքի Մէջ.  Կան Զոհեր

Թուրքիա- Թուրքիոյ  Շըրնաք շրջանին մէջ      երկու տարբեր յարձակումներու հետեւանքով     Թուրքիոյ  բանակի    3 զինուորներ սպաննուած են:  Այս մասին լուրը հաղորդեց թրքական «Տողան» լրատուամիջոցը, որ  նաեւ  յայտնեց, թէ PKK-ի կողմէ   գրանցուած յարձակումներուն հետեւանքով   սպաննուած  3    զինուորներէն  բացի   7  այլ  ուրիշներ ծանրօրէն  վիրաւորուած են:   Շրջանին մէջ   կացութիւնը կը շարունակէ մնալ ծայր աստիճան լարուած: