image
Հրատապ լուրեր:

Պիտի նշուի հայ մեծ արուեստագէտ՝ Երուանդ Քոչարի ծննդեան125-ամեակը

Պիտի նշուի հայ մեծ արուեստագէտ՝ Երուանդ Քոչարի ծննդեան125-ամեակը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ ստեղծուած է մեծանուն քանդակագործ, արձանագործ, տարածական գեղանկարչութեան հիմնադիր, ԽՍՀՄ ժողովրդական նկարիչ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակը 2024 թուականին նշելու նպատակով ստեղծել յոբելենական յանձնաժողով։ Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ելեկտրոնային կառավարման կայքէն։

Որոշմամբ հաստատուած է նաեւ յանձնաժողովի անհատական կազմը: Նախագահն է՝ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը։

Յոբելենական յանձնաժողովը 3-ամսեայ ժամկէտի մէջ պէտք է մշակէ յոբելենական միջոցառումներու ծրագիրը` ծախսերու նախահաշիւը համաձայնեցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարարութեան հետ: