Թուրքիա- («Հիւրիյէթ»- Պոլիս) Թուրքիոյ նախագահի որդին ՝ Պիլալ Էրտողան իր ընտանիքին հետ Իտալիա ապաստանած է: Այս մասին լուրը փոխանցուած է Պոլիս հրպարակուող «Հիւրիյէթ»ին կողմէ, որ յղում կատարած է «Ճիւմհիւրիյէթ»ին: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Պիլալ Էրտողան լրագրողներուն հետ խօսելով ըսած է, որ ինք պիտի հաստատուի Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքը շարունակելու համար իր համալսարանական ուսումնառութիւնը: Յիշեցնենք, որ Պիլալ Էրտողանի անունը քանիցս կապուած է երկրին մէջ 2013 թուականին լայն քննարկումներու առարկայ դարձած նիւթական սքանտալներուն հետ: