image

Փութինը «դրդեցին» պատերազմի. Պերլուսքոնի

Փութինը «դրդեցին» պատերազմի. Պերլուսքոնի

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «դրդեցին» պատերազմելու Ուքրանիոյ դէմ, ըսած է Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պեռլուսքօնին, կը տեղեկացնէ Reuters-ը։

Պեռլուսքօնին, որու Forza Italia կուսակցութիւնը կը պատկանի աջ դաշինքին, ինչպէս կ'ակնկալուի, պիտի յաղթէ կիրակի կայանալիք համընդհանուր ընտրութիւններուն։

Ռուս ժողովուրդը, անոր կուսակցութիւնը, անոր նախարարները դրդեցին Փութինը կատարելու այդ յատուկ գործողութիւնը»,- ըսած է Պեռլուսքօնին։

Վարչապետ Մարիօ Տրակիի օրօք Իտալիան Ռուսիոյ դէմ արեւմտեան պատժամիջոցներու կողմնակիցն էր։

Ճորճիա Մելոնին՝ ծայրայեղ աջ «Իտալիոյ եղբայրներ» կազմակերպութենէն, որուն կը համարեն յաջորդ վարչապետ, խոստացած է շարունակել այդ դիրքորոշումը, բայց Պեռլուսքօնին եւ անոր միւս դաշնակից Մաթէօ Սալվինին շատ աւելի երկակի տրամադրվածութիւն ունին։

Պեռլուսքօնիի խօսքով՝ Ռուսիոյ ծրագիրը սկիզբը այն էր, որ «մէկ շաբթուայ մէջ» Քիեւը զաւթուի, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին փոխարինուի «լաւ մարդոց կառավարութեամբ» եւ «հեռանայ մէկ շաբաթ յետոյ»։ «Ես նոյնիսկ չհասկցայ, թէ ինչու ռուսական զօրքերը ցրեցին Ուքրանիոյ շուրջ, հակառակ որ, իմ կարծիքով, անոնք պէտք է մնային Քիեւի շուրջ»,-ըսած է Պեռլուսքօնին։