Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ըսած է, որ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի առճակատումը «խառնածին պատերազմի» տարրեր ունի, բայց երթալով կը վերածուի «ուղիղ» պատերազմի։ Այս մասին գրած է kommersant.ru-ն:
Անոր խօսքով՝ Միացեալ Նահանգները «կը համախմբէ Եւրոպան», որ վերջինս «իր վրայ վերցնէ Ռուսիոյ հետ պատերազմի ամբողջ բեռը»։
«Կը թուի, թէ ինչպէս Հիթլերը Եւրոպայի մեծ մասը, ներառեալ ֆրանսացիները, սպանացիները եւ սքանտինաւները հաւաքեց նացիստական դրօշի տակ, այնպէս ալ Միացեալ Նահանգներն այժմ կը համախմբէ Եւրոպան, որ վերջինս իր վրայ վերցնէ Ռուսիոյ հետ պատերազմի հիմնական բեռը. այն առայժմ խառնածին պատերազմի տարրերով է, բայց երթալով կը վերածուի մեր դէմ իրական, «ուղիղ» պատերազմի։ Եւ կրկին նացիստական դրօշի տակ»,-ըսած է ան: